İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐԴԱՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Կը տեղեկանանք, որ երէկ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութենէն ներս հիւրընկալուեցաւ մեր մարզասէր ազգայիններէն Նազար Հանչէր։ Սա Նազար Հանչէրին տեսակէտէ ունէր ձեւով մը մեծարանքի բնոյթ։ Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան իրեն յանձնեց յուշապնակ մը՝ առ ի գնահատանք տարիներու իր վաստակին։ Անտարակոյս, արդար գնահատանք մըն էր այս մէկը՝ քանի Սահակ Սարգսեան տեղին ձեւով արժեւորած էր երկար տարիներէ ի վեր Նազար Հանչէրի կողմէ մարզական կեանքէ ներս ներդրուած վաստակը, յանձն առնուած զոհողութիւնները։

Նազար Հանչէր հետեւողականօրէն Հայաստանէն Թուրքիա եկած մարզական պատուիրակութիւններուն կամաւոր ուղեցոյցը եղած է՝ անխտիր բոլորին տեղացի հիւրընկալ շրջանակներու հետ յարաբերութիւնները դիւրացնելով եւ կազմակերպչական գործերը հարթեցնելով։ Մետայլի միւս երեսակին, Նազար Հանչէր իր եռանդը ներդրած է նաեւ Հայաստանի մէջ՝ մանաւանդ Համահայկական խաղերու մասնակից մարզական պատուիրակութիւններու ուղեւորութիւններուն։

Երէկուան ընդունելութեան ընթացքին Սահակ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նազար Հանչէրին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան եւ որդեգրուած զգայնութիւններուն համար։ Իր կարգին, Հանչէրն ալ խորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած վերաբերմունքին բերումով։ Հանդիպման տեւողութեան ան Սահակ Սարգսեանին հետ բաժնեց զանազան յիշատակներ։  

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F30-11-2022-արդար-գնահատանք

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın