İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՅՔՕԶԻ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ 26 Նոյեմբեր 2022, Շաբաթ, նախագահութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։

Արարողութեանց մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Արժ. Տ. Տրդատ ԱւագՔահանայ Ուզունեան, Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ 

Վարուժան Մաղաքեանի ատենապետած թաղային խորհուրդի անդամները հիւրընկալեցինուխտաւոր հաւատացեալները։

Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ ՍուրբՍեղանին սպասարկեցին Բրշ. Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Բրկ, Յակոբ Կսրկ. Սարաֆեան, ԳարեգինԿսրկ. Պարսամեան, Յարութիւն Ուր. Դպ. Էօզչէլիք։ Երգեցողութիւնները կատարուեցանհոգեւորականներու եւ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ խօսքերու սկիզբին փառք տուաւԱստուծոյ, Պէյքօզի հեռաւոր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ կը մատուցուէր։ Պատրիարք Հայրը, յայտնեց, թէ՝ հաւատացեալներով եւ հոգեւորականներով փութացած էին Պէյքօզ, որպէսզի եկեղեցինպայծառանար իր անուան տօնին առիթով։ Մեր Հոգեւոր Պետը, այս առիթով գնահատեց ՎարուժանՄաղաքեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդի անդամները, որոնք Պոլսոյ հեռաւոր այս եկեղեցւոյպայծառութեան համար ամէն ջանք ի գործ կը դնէին։ Այս շրջագիծով Պատրիարք Հայրըկարողութիւն մաղթեց եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն։

Մեր Հոգեւոր Պետը, յաջորդաբար Ս. Նիկողայոսի Տօնին անդրադարձաւ եւ սուրբի կեանքին մասինտեղեկութիւններ փոխանցեց, յիշեցնելով նաեւ՝ թէ Ս. Նիկողայոս մեծ հարստութեան մէջ ընտրած էրԱստուծոյ սպասաւորութեան ճանապարհը եւ անձայն անշշուկ բարեգործութիւններ կատարած էրիր շրջանի ժողովուրդին։ Ան, սրբոց դասակարգին մէջ Ս. Աստուածածինէն յետոյ ամենէն շատհետաքրքրութեան արժանացած սուրբի վերածուած էր եւ աշխարհի զանազան քաղաքներուն մէջսուրբի անուան ընծայուած եկեղեցիներ կառուցուած էին։ Պոլսոյ մէջ կային երկու եկեղեցիներ, որոնցմէ մին էր Պէյքօզի Եկեղեցին։ Պատրիարք Հայրը իր խօսքերուն մէջ անդրադարձաւ, թէ՝ ՍուրբՆիկողայոս Հայրապետը մանուկները կ՚ուրախացնէր բաշխած նուէրներով։ Այս առաքելութիւնը կըյիշեցնէ, թէ մանուկները որքան կարեւոր են ժողովուրդի մը գոյատեւման համար։ Այս առումովընդգծեց կարեւորութիւնը, թէ մեր մանուկները երբ կը ստանային գիտութիւն, անոր առընթեր պէտքէր ճանչնային նաեւ մեր եկեղեցին եւ մեր եկեղեցւոյ սրբութիւնները։ Յիշեցուց, թէ եկեղեցւոյ դպրացդասերու շարքերէն ներս մանկանց խումբերու կազմութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անոնքյետագային շարունակէին մնալ եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ, անդամնակցելով դպրաց դասերուերէց անդամներու շարքերէն ներս։

Քարոզի աւարտին Սուրբ Նիկողայոսի մասունքով կատարուեցաւ ջրօրհնէք եւ հաւատացեալներմօտեցան Սուրբ Նիկողայոսի մասունքակիր աջին խնդրելով սուրբին բարեխօսութիւնը։

Հոգեւոր հանդիսութեանց աւարտին, ներկաներ բոլորուեցան սիրոյ սեղաններու շուրջ եւ այս մէկըառիթ եղաւ որ Մեր Հոգեւոր Պետը ջերմօրէն զրուցէ եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն եւ ներկայուխտաւորներուն հետ։ Վարուժան Մաղաքեան, յանուն թաղային խորհուրդին, շնորհակալութիւնյայտնեց Պատրիարք Հօր եւ արարողութեանց մասնակից բոլոր ներկաներուն, որոնք յանձն առածէին մասնակցիլ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın