İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԷ ԱԼԻՔՍԱՆԵԱՆ ՆՈՐ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՈՎ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ԻՐ 98ԱՄԵԱԿԸ

ՄԱՐՄԱՐԱ.- Ինիսունութամեայ հսկայ կաղնի մը ունինք մեր համայնքին մէջ։ Մասնագիտական ձեռքբերումներով, համայնքային ծառայութեամբ, սորվեցնելու, գիտելիքները ուրիշներուն փոխանցելու իմաստնութեամբ գեղեցկացած, արժեւորուած կեանք մը որ խտացած է բժիշկ-հանրային գործիչ, Մարմարա-ի խմբագրակազմի համար սիրելի բարեկամ Տօքթ. Վահէ Ալիքսանեանի մարդ-տեսակին մէջ։

Յարգանք, բժշկական վաստակին նկատմամբ հիացում, պատկառելի տարիքին հետ միասին կեանքի հանդէպ փարումը չկորսնցնելու անկոտրում կամքին ականատես դառնալու իրողութիւն. ասոնք այն զգացումներն են որոնցմով կþողջունենք մեր յարգարժան բժիշկի տարեդարձը եւ գլուխ կը խոնարհինք իր մեծ վաստակին առջեւ, ուրախութիւն կը զգանք ի՛ր ժամանակակիցը ըլլալու, զինքը կարենալ պատուելու, իր մասին խօսելու կամ գրելու համար, որովհետեւ մտաւոր մեծ կարողութիւններով օժտեալ, բազմակողմանիօրէն կշռադատեալ կեանքի մը տիպար-օրինակը կը տեսնենք բժիշկ Վահէ Ալիքսանեանի անձին մէջ։

Երէկ կը մեծարուէր մեր սիրելի բժիշկը, կեանքի նոր հանգրուանը հպարտութեամբ կþողջունէր նոր ձեռքբերումով եւ ի՜նչ լաւ որ մենք ալ մասնակից կը դառնայինք հրապարակային այդ գնահատանքին։

Հանդիսութիւնը սարքուեցաւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին մէջ, այն յարկի տակ, ուր բժիշկ Ալիքսանեան անցուցած է մասնագիտական երկարամեայ շրջան մը, իսկ յետոյ, մինչեւ մօտիկ անցեալ, շարունակած է ծառայիլ որպէս վարչային, որպէս Հոգաբարձու. այսինքն բժիշկը ի՛ր տան մէջ էր, շրջապատուած էր ընտանիքի անդամներով, նորահաս սերունդի մասնագէտներով ու հրաւիրեալներու կոկիկ բազմութեամբ։ 

Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ու գործակից հոգաբարձուներ, մեծարեալի կողակիցը՝ Տիկին Մանիշակ Ալիքսանեան, դուստրը՝ Դալար եւ փեսան՝ հոգաբարձու Կարպիս Փոլատ, ընտանեկան մտերիմ բարեկամներ հոն էին ու որպէս տանտէր կը դիմաւորէին հրաւիրեալները, որոնց մեծ մասը բժիշկներ էին ու եկած էին անձամբ մատուցանելու իրենց յարգանքի տուրքն ու երախտագիտութիւնը։ Տօքթ. Ալիքսանեանի քով նստած էին հիւանդանոցի նախկին բժշկապետներ՝ Տօքթ. Արման Չաքըր, Տօքթ. Արմենակ Մեծատուրեան, այժմու բժշկապետ Տօքթ. Մագսուտ Ահպապ։

Ծննդեան տարեդարձը յատկանշական դարձնելու համար, »Ֆիլիզ« հրատարակչատունէն արդիական մօտեցումներով ու նորարարական համակարգչային դրութեամբ վերահրատարակուած է Տօքթ. Ալիքսանեանի եւ ողբ. Ճիհատ Ապաօղլուի համահեղինակութեամբ պատրաստուած »Ախտորոշման համար հիմնական գիտելիքներ« անունով կոթողային աշխատութիւնը, որ երէկ ծանօթացուեցաւ հանդիսութեան մասնակիցներուն։

Փրօֆ. Տօքթ. Չէթին Գարաճա որ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է այս նորացուած հատորի պատրաստութեան մէջ, երէկուայ միջոցառման գլխաւոր բանախօսն էր ու հանգամանալից կերպով եւ սահիկներու գործածութեամբ ծանօթացուց հատորը։ Աշխատասիրութիւնը սկսնակ բժիշկներու, նաեւ ընթերցողներու սեղանին վրայ կը դրուի աւելի հաստափոր տպագրութեամբ ու հարստացած է ժամանակակից մէթոտաբանութեամբ։

Նորատիպ հատորին մէջ հիւանդութիւններու ախտորոշման համար արդիական իրենց մօտեցումները ծանօթացուցած են յայտնի բժիշկներ, աշխատասիրութիւնները ամբողջացած են լուսանկարներով, նաեւ »Քիւ-Ար քոտ«ի դրութեամբ, զորս կարդալով կարելի է ծանօթանալ հիւանդութեան ախտորոշման համար հիմնական բովանդակութեան։ Գիրքի կողքը պատրաստուած է բժիշկի թոռան՝ Լարիսայի կողմէ, որ հետաքրքրական ու իմաստալից գծագրութիւն մը պատրաստած է. կաղնի մը, որ կը բնութագրէ անցեալը, երկու ձեռք, որոնք գրկած են անցեալը եւ բժշկական սթէթոսքոփը, որու երկու »ճիւղեր«ը կը բնորոշեն ապագան։

Փրօֆ. Գարաճայի խօսքերով ինք ու իր նման բազմաթիւ բժիշկներուն համար Տօքթ. Ալիքսանեանի եւ ողբ. Ճիհատ Ապաօղլուի համահեղինակութեամբ պատրաստուած բժշկական հատորները ուղեցոյց հանդիսացած են ու կը շարունակեն հանդիսանալ մասնագիտական ամբողջ կեանքի ընթացքին։<Ջ«158«ախտապարտ են, երախտագիտական զգացումներով է որ կþողջունեն իրենց վաստակաշատ պաշտօնակցի ծննդեան տարեդարձը, մաղթելով ականատեսը դառնալ նաեւ կեանքի դարադարձի հանդիսութեան։

Շնորհակալութեան իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ օրուայ մեծարեալը, որ պատմեց թէ ինչպէ՞ս ընթացած էր այս նոր տպագրութիւնը, ինչպէս իր մեծ զօրակցութիւնը բերած էր Փրօֆ. Գարաճա։ Ըսաւ որ »Ախտորոշման համար հիմնական գիտելիքներ«ու գծով շատ քիչ գիրքեր կան, այս հատորը անոնցմէ մէկն է, անփոխարինելի կարեւոր աշխատասիրութիւներէն մէկը, որ անպակաս պէտք է մնայ բժիշկներու աշխատասեղանի վրայ։ »Օրինակի համար եթէ հիւանդ մը բժիշկի մօտ կուգայ քերուըտուքով կամ դեղնութեամբ, բժիշկ մը այս հատորները ուսումնասիրելէ ետք կրնայ կարգի դնել թէ ինչպիսի՞ ընթացք մը պէտք է որդեգրէ հիւանդութիւնը ախտորոշելու համար«, նշեց Տօքթ. Ալիքսանեան, յանձնարարելով նաեւ որ նորահաս մասնագէտները անպայման օտար լեզուներ սորվին ու ընդարձակեն իրենց մտահորիզոնը, չսահմանափակուին միակ լեզուով մը, որովհետեւ օտար լեզուներով մասնագիտական գրականութիւն շատ կայ, բայց թրքերէնով բժշկական գրականութեան քանակութիւնը սահմանափակ է։

Բոլորը ծափերով իրենց գնահատանքը յայտնեցին յարգարժան բժիշկին ու միաբերան մաղթեցին որ հաւաքուին դարադարձի առիթով։

Սրահ բերուեցաւ կարկանդակը, որ ունէր նորատիպ հատորի ձեւը։ Զայն միասնաբար կտրեցին Տօքթ. Ալիքսանեան, կողակիցը՝ Մանիշակ եւ դուստրը՝ Դալար։

Հանդիսութեան աւարտին ներկաները մի առ մի կը մօտենային մեծարեալին ու ընտանիքի անդամներուն, կը շնորհաւորէին զանոնք եւ կեանքի արեւշատութեան մաղթանքներով, գոհունակ տպաւորութեամբ կը բաժնուէին հանդիսավայրէն։

***

ՄԱՐՄԱՐԱ-ի ընտանիքը սիրով ու յարգանքով կը շնորհաւորէ Տօքթ. Վահէ Ալիքսանեանը, որ իր մասնագիտական կենսափորձով կը շարունակէ փարոս հանդիսանալ նորահաս սերունդի մասնագէտներուն։

https://www.normarmara.com/arsiv2022-2/251122lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın