İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Պէյօղլուի ընտրութեան վերաբերեալ առկայ խնդիրները։ Թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու հետամուտ մէկէ աւելի թեկնածուական խումբերու կամ խմբաւորումներու ներկայացուցիչներ ելոյթներ ունենալով փորձեցին արժեւորել ստեղծուած իրադրութիւնը։ Ատենախօսներու շարքին էին շարք մը յայտնի դէմքեր. օրինակ՝ Շէյտա Նանեան, Նաժտա Շատեան, Վազգէն Պարըն, Ռաֆֆի Սիւզմէ, Պօղոս Եըլան եւ այլք։ Դժբախտաբար, երեկոյթի տեւողութեան ատեն-ատեն լարուածութիւններ ալ ստեղծուեցան։

Քննարկումներուն հետեւեցան նաեւ շարք մը ընտրեալ համայնքային վարիչներ. օրինակ՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեան, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի գլխաւոր դէմքը՝ Մանուկ Գալայճը եւ այլք։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F24-11-2022-ֆէրիգիւղի-մէջ-խորհրդակցութիւն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın