İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԽՕՍՔ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Այսօր Ուսուցչաց Օր է եւ վարժարաններու երախտագէտ սաները գրասեղաններու վրայ կը յիշեն իրենց ուսուցիչները։ Իսկ անոնք որոնք արդէն իսկ իրենց ետին թողած են աշակերտութեան հանգամանքը, թէ՛ կը յիշեն եւ թէ՛ այս աշխարհէն առյաւէտ բաժնուածները կը յիշատակեն այն բոլոր նուիրեալները, որոնք որպէս դաստիարակներ ջանք թափած են անոնց մէջ կերտելու համար մարդկային բարենիշները։

Յիրաւի նուիրական ասպարէզ է ուսուցչութիւնը։ Ուսուցիչները այն նուիրեալ անձերն են, որոնց կը յանձնուին ընտանիքի զաւակները։ Այս նուիրեալները իրենց յանձնուած երկաթը կը վերածեն պողպատի եւ այս պատրաստութեան ընթացքին դասարանը կը դառնայ հնոց, որուն կրակը կը բոցավառի ուսուցչական վսեմ կոչումին շնորհիւ, եւ որքան ատեն որ ուսուցչական կոչումը վառ կը մնայ ուսուցչին սրտէն ու հոգիէն ներս, այնքան ատեն անմար կը մնայ դաստիարակութեան հնոցին կրակը։

Ուսուցիչներուն համար ուսուցչութիւնը գործ չէ միայն, այլ ծառայութիւն մը, որով աշակերտներուն ոչ միայն զոհողութեամբ կը դասաւանդեն, այլ նաեւ իրենց մայրական եւ կամ հայրական գուրգուրանքով զանոնք կեանքի պայքարին կը պատրաստեն։ Երանի այն աշակերտներուն, որոնք իրենց ջամբուածը արժեւորած են եւ երանի այն ուսուցիչներուն որոնց աշակերտները յաջողութիւններ ձեռք բերած են կեանքի պայքարին մէջ։

Մեզի համար ուրախալի պարագայ է, որ մեր համայնքային վարժարանները օժտուած են կրթական մշակներով, որոնք երբեմն անտեսելով տնտեսական պայմաններու առթած նեղութիւնները կը շարունակեն ուսուցչագործել ուսում ջամբելով մերազն զաւակներուն։ Որպէս հոգեւոր պետը եւ առաջին սպասաւորը մեր համայնքին, հայրական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք մեր վարժարաններու կրթական մշակներըհ հանդերձ իրենց տնօրէններով։ Աստուած ընդունի իրենց կրթանուէր ծառայութիւնը եւ վարձահատոյց ըլլայ բոլորին, պարգեւելով քաջառողջ կեանք։ Օրհնէ եւ օրհնեալ պահէ իրենց ընտանեկան յարկերը։ Անսասան մնան մեր կրթական յարկերը, մեր ուսուցիչներու փաղանքին շնորհիւ։

Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ,

ՍԱՀԱԿ Բ.

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın