Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Նոյեմբեր 2022, Հինգշաբթի երեկոյեան, ընդունեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները, գլխաւորութեամբ Հրանդ Մոսկոֆեանի։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան սեմին այցելած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը, ինչ որ առիթ ընծայած էր թեկնածուները ճանչնալու։
Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ծանօթացուցին իրենք զիրենք եւ փափաքեցան հաղորդ դառնալ Նորին Ամենապատուութեան թելադրանքներուն։
Մեր Հոգեւոր Պետը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց ընտրական շրջանի իրենց գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun