İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՀԱՒԱՔՈՒԵՑԱՆ ՆԱԽԱՃԱՇԻ ՍԵՂԱՆԻ ՇՈՒՐՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 16 Նոյեմբեր 2022, Չորեքշաբթի առաւօտ, Գուրուչէշմէի Հուքքա զբօսարանին մէջ նախագահեց Թրքահայ Ուսուցչաց Միութեան աւանդական դարձած նախաճաշին։ Մեր Հոգեւոր Պետին կ’ընկերանար գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվանք Քհնյ. Միւրզեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ նախկին ուսուցիչ՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկէլեանի եւ Գարեգին Պարսամեանի գլխաւորութամբ Միութեան վարիչներու կողմէ։

Նախաճաշի ընթացքին բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Միութեան ատենապետ Գարեգին Պարսամեան։ Ապա հաւաքը գունաւորուեցաւ երգերով ու բանաստեղծութիւններով։

Հուսկ բանքին մէջ մեր Հոգեւոր Պետը շեշտը դրաւ ուսուցչի եւ ուսուցչութեան գաղափարին վրայ եւ ըսաւ թէ այս նուիրեալ ասպարէզի նուիրեալներն են որ մարդ կը կերտեն, սերունդներ կը պատրաստեն։ Թէ քաղաքիս, թէ Ս. Երուսաղէմի եւ թէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ուսուցչութեամբ պարապած Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կազմակերպողներուն եւ օրհնեց երբեմնի ու այժմու կրթական մշակները։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın