İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՃԻՇԴ ՏԱՐԻ ՄԸ ԱՌԱՋ…

ՄԱՐՄԱՐԱ.- Ճիշդ տարի մը առաջ՝ այս օրը, արթնցած էինք լսելով բօթը. Թաթուլ Հայր Սուրբ վախճանած էր չարաբախտ հիւանդութեան դէմ պայքարելով, երկար ամիսներ հիւծուելով ու կորսնցնելով կեանքի նշոյլները։

Ծանր ու անողոք էր քաղցկեղը, որ երեք տարի շարունակ քանիցս փորձութիւններու մէջ պահեց մեր սիրելի Վարդապետը, բայց ան չուզեց յանձնուիլ. Խորաններուն վրայ երեւցաւ ու պատարագեց մինչեւ այն օրը, երբ ոտքերուն մէջ դեռ ոյժ կար, երբ շրթներէն դեռ աղօթք կը հնչէր ու դեռ կրնար հոգեւոր պատգամներով արթուն եւ զգօն պահել հաւատացեալները։ 

Իմաստուն էր, անկասկած ներքուստ կը զգար որ վախճանումը մօտ էր, հաւանաբար մինչեւ վերջ պրպտած ու տեղեակ էր որ փրկութիւն չկար, բայց չէր յուզեր յանձնուիլ։ Թերեւս չյանձնուելու այդ կամքն էր պատճառը որ մահէն հազիւ երկու ամիս առաջ հոգեկան պարտք նկատեց այցելել նաեւ գաւառի մեր համայնքին, անոնց հետ ալ աղօթեց, անոնց ալ փոխանցեց Աստուծոյ պատգամները։

Հոգեւորականի մը վայել բոլոր յատկանիշները խտացած էին մեր սիրելի Հայր Սուրբի անձին մէջ, ան Աստուծոյ տան ամենահաւատարիմ »պահակ«ներէն մէկն էր, այնքա՛ն բծախնդիր էր որ չէր հանդուրժեր որեւէ սխալի, որեւէ անիրաւութեան։ Աստուծոյ ծառայասիրութեան վեհ գաղափարը իր կեանքի կարգախօսն էր եւ երբեք չդաւաճանեց իր սկզբունքներուն, այդ կարգախօսին հաւատարիմ մնաց մինչեւ վերջին շունչը։

Բազմաթիւ ընտանիքներու տուներէն ներս, պատերուն, համակարգիչի էքրաններուն կամ սեղանիկներուն վրայ  Հայր Սուրբը դեռ կը շարունակէ ժպտիլ լուսանկարներու մէջէն. տեղ մը հարս ու փեսին քով, տեղ մը մանուկ մը ձեռքերուն մէջ՝ մկրտութեան պահուն։

Նոյնիսկ սգաւոր ընտանիքներուն համար հոգեկան մեծ մխիթարութիւն էր լսել թէ ինչպէս իրենց սիրելիին համար կը դամբանախօսէր Հայր Սուրբը, վեր առնելով ինչ ինչ արժանիքներ։

Միշտ համայնքին հետ էր, փաստած էր ինքզինք որպէս իրա՛ւ հոգեւորական։ Տիտղոսները չէ որ ստեղծած էին յարգանքի ու սիրոյ դաշտը, այլ տիպար հոգեւորականի կերպարը, որմէ յամեցող յիշատակները պիտի մնան բոլորիս սրտին մէջ։

Ն. Ս.

https://www.normarmara.com/arsiv2022-2/151122lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın