Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հայրաբար կոչ ուղղեց մեր համայնքի ընտանիքներուն, որպէսզի անոնք իրենց դպրոցահասակ զաւակները ուղարկեն հայկական վարժարան։
Երէկ, Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած տարեկան հանգանակութեան առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հերթական անգամ անդրադարձաւ համայնքի հրատապ օրակարգին՝ մասնաւորապէս ընտրութիւններուն, որոնք մինչեւ տարեվերջ տեղի պիտի ունենան։ Նորին Ամենապատուութիւնը վերջին շրջանին սիրոյ սեղաններու ժամանակ յաճախ կ՚ունենայ այսպիսի ելոյթներ եւ երէկուանն ալ եկաւ համալրել այս շարքը։ Ան իսկապէս բովանդակալից ձեւով արտայայտուեցաւ՝ առկայ հարցերուն վերաբերեալ կարեւոր խորհրդածութիւններ ընելով հրապարակաւ։
Երէկուան սիրոյ սեղանին ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կարեւորութեամբ յորդորեց, որպէսզի մեր համայնքի դպրոցահասակ զաւակները ուղարկուին հայկական դպրոց։ «Մեր վարժարանները լաւ են», ըսաւ ան եւ այս կապակցութեամբ նաեւ բարձր գնահատեց Կեդրոնական վարժարանի պատմական առաքելութիւնը, ինչ որ ներկայիս ալ կը շարունակուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փափաք յայտնեց, որ այդ առաքելութիւնը ըլլայ յարատեւ։ «Մենք ալ մեր երիտասարդներէն ունինք փափաքներ։ Անոնք պէտք է խօսին իրենց մայրենի լեզուն։ Անոնք պէտք է յաճախեն մեր սանուց միութիւնները, պէտք է երթան եկեղեցի եւ պէտք է մասնակցին մեր երգչախումբերու գործունէութեան», նշեց ան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ելոյթի տեւողութեան կարեւորութեամբ կանգ առաւ նաեւ համայնքային ընտրութիւններուն վրայ։ Ծանօթ է, որ մինչեւ տարեվերջ մեր բոլոր համայնքային կառոյցներու ընտրութիւնները գրեթէ աւարտած պիտի ըլլան՝ շուրջ տասնհինգ տարուան սպասումէ մը վերջ։ Երէկուան ելոյթին ընթացքին ալ, ինչպէս աւելի առաջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ահազանգ հնչեցուց մեր համայնքէն ներս առկայ ընդհանուր անտարբերութեան դէմ։ «Ընտրութիւններու դէմ անտարբերութիւնը, դժբախտաբար, կը շարունակուի աւելնալով։ Այստեղ կայ զգայնութիւններով քաղաքացի մը ըլլալու խնդիրը», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ հերթական անգամ յորդորեց, որպէսզի մեր համայնքի անդամները անպայման մասնակցութիւն բերեն համայնքային ընտրութիւններուն։
Այս կէտէն սկսեալ Նորին Ամենապատուութիւնը կեդրոնացաւ ներկայ ընտրական գործընթացին վրայ։ «Մենք պէտք է ճանչնանք թեկնածուները։ Այժմու վարիչներէն ոմանք պիտի երթան, ոմանք ալ պիտի մնան։ Ձեզի կը հարցնեմ։ Գիտէ՞ք, թէ մեր վաքըֆները ի՞նչ կալուածներ ունին կամ դրամատուներու մէջ ի՞նչ գումարներ ունին։ Կա՞ն ձեր միջեւ մարդիկ, որոնք այս բոլորը գիտեն։ Ո՛չ, չէք գիտեր։ Ես ալ չեմ գիտեր։ Այս գործին մէջ տարօրինակութիւն մը չկա՞յ։ Ինչո՞ւ չէք հարցներ», շարունակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ նաեւ համայնքէ ներս կրօնական եւ աշխարհական գործերու տարանջատման կապակցութեամբ։ «Սա աշխարհական գործ մըն է, ես այս բանը կրնամ ընել, բայց Պատրիարքը աշխարհական գործերուն թող չխառնուի… Այսպէս կ՚ըսեն ոմանք։ Շատ լաւ, եթէ Պատրիարքարանը պիտի չխառնուի, ո՞վ պիտի ընէ այս գործերը։ Միասնաբար թառամի՞նք ու ոչնչանա՞նք։ Ներառեալ «Հրանդ Տինք» դպրոցը, մենք ունինք 17 վարժարան։ Ինչպէ՞ս պիտի լուծուին անոնց հարցերը։ 17 դպրոցը 6 դպրոցի եթէ իջեցնենք խնդիրները պիտի լուծուի՞ն։ Դուք պիտի ընէք ամբողջ գործը, սակայն, այս գործերը Պատրիարքի հովանաւորութեան տակ պէտք է յառաջ տարուին։ Ամիրաներու շրջանին ալ, Օսմանեան շրջանին ալ, Հանրապետական շրջանին ալ այսպէս եղած է։ Այսօր մենք պարտաւոր ենք վերակառուցել մեր համայնքը ու վերաձեւաւորել մեր համայնքային կեանքը», շարունակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Երէկուան սիրոյ սեղանի հուսկ բանքի եզրափակիչ բաժնին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ ակադեմական շրջանակներէ մեր ներկայացուցիչներուն, մեր համայնքի մտաւորական տարրերուն հետ խորհրդակցութիւններ կ՚իրականացնէ եւ կը ջանայ լուծման եզրեր որոնել։ Ան կրկնեց, որ այս ամբողջ աշխատանքը Պատրիարքարանի հովանաւորութեան ներքեւ պէտք է ըլլայ։ «Այս նիւթերուն շուրջ խօսողներուն դուք հարցուցէք հետեւեալը. եթէ Պատրիարքը չընէ, ո՞վ պիտի ընէ։ Պահանջեցէք, որովհետեւ այս բանը ընելէ զատ ճար մը չունինք։ Սա մեր նախնիներու նկատմամբ մեր պարտքն է։ Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք վաստակ կը ներդնեն։ Մասնաւորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր կանանց եւ վարչական խորհուրդներէ ներս իգական սեռէ ներկայացուցիչներու թիւին բարձրացումը ինծի մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ», եզրափակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/14-11-2022-հարցուցէ՛ք-եւ-պահանջեցէ՛ք
İlk yorum yapan siz olun