Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Պէյօղլուի մէջ պատահած ահաւոր պայթումին կապակցութեամբ երէկ ցաւակցականներ ուղարկեց պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերուն։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պաշտօնապէս վշտակցութիւն յայտնեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուին եւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայային։
Նորին Ամենապատուութիւնը պատգամներուն մէջ ցաւ յայտնեց պատահած դէպքին բերումով եւ արտայայտեց իր խոր մտահոգութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ ահաբեկչութիւնը՝ ուրկէ որ ալ ըլլայ իր սկզբնակէտը, հանրութեան խղճին մէջ կը դատապարտուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ այսպիսի քանդիչ դէպքերը այլեւս վերջ գտնեն։
Պատգամներուն մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը յանուն Պատրիարքական Աթոռին ու մեր համայնքին վշտակցութիւններ յայտնեց, դէպքի զոհերու հոգիներուն լուսաւորութիւն եւ անոնց ընտանիքներուն համար ալ մխիթարութիւն մաղթեց։
İlk yorum yapan siz olun