İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՊՈՅՏ ՑԱՆԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 10 Նոյեմբեր 2022, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին ընդունեց Պաքըրգիւղի Թաղային Խորհուրդի ընտրութեան կապոյտ ցանկի թեկնածուները, գլխաւորութեամբ Մարի Եանճըի։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան սեմին այցելած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը, ինչ որ առիթ ընծայած էր թեկնածուները ճանչնալու։
Մարի Եանճը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար։ Ներկաներ մի առ մի խօսք առնելով կենսագրական համառօտ տեղեկութիւններ փոխանցեցին։ Յայտնի կը դառնար, թէ այժմու թաղային խորհուրդի չորս անդամները իրենց կազմին ներառած են եօթը նոր անդամներ եւ այս կազմը կը ներկայանար որպէս թեկնածու։ Ըստ Մարի Եանճըի այս կազմը կերպով մը շարունակութիւնն էր անցեալի աւանդական գիծին, ըստ որում Պաքըրգիւղի մէջ բնաւ չէր պատահած որ թաղային խորհուրդի կազմ մը հիմնովին նոր անդամներով կազմուէր։ Այս աւանդական գիծը կերպով մը հիներէն նորերուն փորձառութեան փոխանցման առիթ կ՚ընծայէր։
Ներկաներ իրենց ապագայի ծրագիրներուն մասին արտայայտուեցան ու յայտնեցին թէ իրենց գլխաւոր նպատակն էր բարձր պահել Տատեան Վարժարանի կրթական մակարդակը։ Նկատի պիտի ունենային Կրթական Նախարարութեան կողմէ ալ ճանաչում գտած արտաքոյ համայնքային կրթական հաստատուոթեանց կողմէ ընձեռելի պայմանները եւ այդ պայմաններու արժեւորմամբ վարժարանի ուսանողները կարելի պիտի ըլլար պատրաստել իրենց ապագայ ուսումնական կեանքին, բան մը որ իր առողջ անդրադարձը պիտի ունենար աշակերտի ապագային ընդգրկելի ասպարէզին մասին ուղղութիւն տալու աշխատանքներուն վրայ։
Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութեամբ լսեց վարժարանի մասին նախատեսուած ծրագիրները եւ յիշեցուց, թէ մեր համայնքային վարժարանները ոչ միայն ուսում կը ջամբեն այլ նաեւ աշակերտները կը դաստիարակեն իրենց աւանդելով Հայերէնի ու կրօնական գիտելիքներու ուսուցմամբ։ Ընդգծեց որ այս երկու դասերը կարեւորութիւն կը զգենուն քանի որ համայնքային վարժարաններու համար կը յատկացուին մեծ գումարներ եւ այդ գումարներուն յատկացմամբ կ՚ակնկալուի որ մեր վարժարաններու աշակերտները գիտութեան, լեզուի առընթեր ստանան հայեցի դաստիարակութիւն, ճանչնան իրենց հոգեւոր կեդրոնը, իրենց Պատրիարքը եւ վարժարանը բաց պահելու համար ջանք վատնող եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդները կամ խնամակալութիւնները, հիմնադրի ներկայացուկցիչները։
Նորին Ամենապատուութեան հայրական թելադրանքներուն ու տեղին մատնանշումներուն համար ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ խոստացան այս թելադրանքներուն ուղղութեամբ ընթանալ։
Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց ընտրական շրջանի իրենց գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın