Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 10 Նոյեմբեր 2022, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին ընդունեց Նառլըգաբուի Թաղային Խորհուրդի ընտրութեան կապոյտ ցանկի թեկնածուները, գլխաւորութեամբ Մարիամ Քէչէճիի։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան սեմին այցելած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը, ինչ որ առիթ ընծայած էր թեկնածուները ճանչնալու։
Մարիամ Քէչէճի շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար։ Ներկաներ մի առ մի խօսք առնելով կենսագրական համառօտ տեղեկութիւններ փոխանցեցին։
Ներկաներ Նորին Ամենապատուութեան ներկայացուցին իրենց ծրագիրները ներկայացնող բացիկ մը։ Սոյն բացիկի պարունակութեան առընթեր ներկաներ խօսք առնելով ընդգծեցին իրենց գործունէութեան սկզբունքները որոնք համամխմբուած էին երեք գլխակման ներքեւ. Հաւատք, ընկերային կեանք եւ մշակոյթ, վարչութիւն։
Նկատելով որ եկեղեցին վարժարան չունէր, այս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուէր, որպէսզի եկեղեցական կեանքը զարգանար ու հաւատացեալ ժողովուրդը հոգեկան բաւարարութիւն զգար։ Նաեւ յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնէին մանկանց եւ երիտասարդաց առաքելութեան, անոնց մէջ արծարծելով շապիկ հագնելու աւանդութիւնը եւ անոր հետ կապուած՝ եկեղեցական արարողութեանց գիտելիքներու փոխանցումը։ Անոնց պիտի աւանդէին նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ արժէքները, հաւատքի սկզբունքները։
Որպէս ընկերային ու մշակութային գործունէութիւն կը նախատեսէին մեր բարձրագոյն կարգի աշակերտ եւ աշակերտուհիները ի մի համախմբել, անոնց մէջ համայնքի արժէքներու նկատմամբ սէր արթնցնելու նպատականւ։ Նաեւ իրենց կարելին պիտի ընէին, որ ոչ հայախօսներ եւ կամ նուազ հայախօսներ առաւել չափով տեղեակ դառնան մեր մայրենի լեզուին։
Իսկ վարչական գետնի վրայ կը խոստանային եռռամսեայ տեղեկագիրներով հանրութեան ներկայանալ իրենց ելեւմտական ցուցակներով։ Նաեւ խոստացան առողջ երկխօսութիւն ստեղծել Պատրիարքական Աթոռի. Համայնքային ու թաղային բոլոր մարմիններուն հետ, պատրաստելով միասնականութեամբ գործելու գետին։
Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութեամբ լսեց նախատեսուած ծրագիրներու մասին տրուած տեղեկութիւնները եւ յիշեցուց, թէ եկեղեցւոյ պայծառութեան ծառայելը կը նշանակէ Աստուծոյ մատուցուած ծառայութիւն, ինչ որ կը մխիթարէ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան ու խոստացան ժողովուրդի անցեալէն աւանդուած կալուածներու եկամուտները, նաեւ հաւատքի լումաները օգտագործել եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներու հոգեւոր շինութեան համար։
Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց ընտրական շրջանի իրենց գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun