İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԻՐԱԿԱՆ ՑԱՒԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Առիթով մը հեռաւոր ափերու վրայ ապրող եւ հայ մամուլի «դարաւոր» երախտաւորներէն մէկուն խմբագիրը, որ բարեկամս էր, հարց տուաւ. «Ինչո՞ւ այսքան շատ կը գրես Լիբանանի մասին». չպատասխանեցի բարեկամիս, փափաքելով մինչեւ վերջ լսել իր դիտարկումը։ Նիւթը երկարեցաւ ու սկսաւ կարգ մը հիմնաւորեալ պատճառաբանութիւններ թուարկել ըսելով՝ իմ նման նախկին լիբանանցիի մը համար շատ շահեկան պիտի չըլլայ Լիբանանի մասին այդքան երկար-բարակ եւ յաճախ օրն ի բուն գրել։

Օրին չուզեցի կենալ պատճառներուն վրայ, բայց եւ այնպէս, տրուած հարցումը մէկէ աւելի առումներով նեղութիւն պատճառեց ինծի։ Ուզեցի անշուշտ բացատրել, որ Լիբանանը ինծի համար մագնիսական բան մը կը պարունակէ՝ ո՛չ միայն իմ ծննդավայրն է, այլ մանաւանդ՝ այդ երկրին զարգացումները, քաղաքական ընդհանուր հոլովոյթը, ապագային կապուած ակնկալութիւնները կա՛մ նոյնիսկ տագնապները աւելի քան ուսանելի են։

Իր դիրքով, քաղաքական գունապնակով, համայնքներու բազմազանութեամբ ու ամենակարեւորը՝ անցած մեծ ճանապարհով Լիբանանը կը զատորոշուի այլ երկիրներէ։ Կայ նաեւ հիմնարար կէտ մը, որ կը խօսի այնտեղի գործընթացներուն շրջակայ երկիրներուն վրայ ազդելու դրոյթներուն մասին։ Իբր այդ, բնաւ նորութիւն պիտի չըլլայ այն հաստատումը, թէ մեծ հաշուով Լիբանանի զարգացումները այս կամ այն կերպով հետեւանքն են շրջանային մեծ խմորումներու։

Այսպէս, եթէ վաղ եօթանասուններուն մարդ իմանար, որ ո՛ւր ընթացք կ՚առնեն եւ ո՛ւր կրնան կանգնիլ Արեւմուտք-Խորհրդային Միութիւն լարումները, խորքային կերպով պիտի նայէր ու վերլուծէր, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ Լիբանանի մէջ։ Նոյն պրիսմակով նաեւ մարդ պիտի փորձէր հասկնալ, թէ դէպի ո՛ւր կ՚ընթանայ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը, դարձեալ պիտի նայէր, թէ իրապէս եւ գետնի վրայ ի՛նչ կը կատարուի Պէյրութի մէջ։

Ի հարկէ, այդքան ալ խճճուած չէր Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական պատկերը, ի տարբերութիւն այսօրուանին, այդ օրերուն յայտնի էին խաղացողները, նաեւ անոնց շուրջ համախմբուած պլոքները։

Մէկ կողմէ Սովետական Միութիւնն էր, իսկ միւս կողմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները. այս երկու ուժերուն շուրջ ալ կային երկրորդական դերով ուժեր։ Այս երկու գերպետութիւնները յաճախ հանդէս կու գային «միջնորդաւորուած» պատերզամներով կամ տարբեր ճակատամարտերով, այս բոլորին մէջ Լիբանան ունէր իրեն վերապահուած դիրք եւ դեր։

Այդ օրերուն, ի տարբերութիւն այսօրուան վիճակներուն, մեծ խաղերը «կ՚եփուէին» Լիբանանի մէջ, ուր կ՚որոշուէին նաեւ գալիք ընդհարումներու կանոններն ու կը գծուէին հիմնական սահմանները։

Ճիշդ է, որ այսօր այդ վիճակը այլեւս գոյութիւն չունի. Լիբանան զանազան պատճառներով դադրած է Մերձաւոր Արեւելքի տարրալուծարանը ըլլալէ եւ վերածուած է խաղադաշտի մը, որուն մէջ ալ ազդեցիկ ուժերը չեն դադրիր իրարու «նամակներ» փոխանակելէ։

Շատ հաւանաբար այդ վիճակը կը կասեցուէր 70-ականներու առաջին կէսին, երբ կը պայթէր աւելի քան 15 տարի երկիրը արիւնագամած քաղաքացիական ահռելի պատերազմը։ Այդ պատերազմը կը հասնէր իր աւարտին եւ 1990 թուականին երկրի քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչներ կը մեկնէին Սէուտական Արաբիոյ Թաէֆ քաղաքը, ուր կը կնքէին համաձայնութիւն մը, որ աւելի վերջ յայտնի կը դառնար «Թաէֆի համաձայնագիր» անունով։

Լիբանանի քրիստոնեայ հատուածը՝ որ գլխաւոր տուժողը կ՚ըլլար այս պատերազմին, ստիպուած կ՚ըլլար շատ ցաւալի զիջումներու երթալու։ Եւ Լիբանանի նախագահը (մարոնի, քրիստոնեայ) կը ստիպուէր ընդունիլ նոր դաշնագրի կանոնները, որոնք կը թուլացնէին արաբական աշխարհի մէջ միակ քրիստոնեայ առաջին դէմքին իրաւասութիւնները։

Քրիստոնեաներ, որոնց համար հիմնական նպատակ կը հանդիսանար երկիրը ազատագրել պաղեստինեան զինեալ տարրէն, փաստօրէն լաւապէս կը հասկնային, որ դերերը շրջուած են։ Մարոնի իշխանակարգը, որ երկրին վրայ իր իշխանութիւնը տարածած էր ֆրանսական գաղութատիրութեան շնորհիւ, տեղ մը կը զիջէր իր դիրքերը։ Քրիստոնէական իշխանակարգի աւարտին կը յայտնուէր սիւննի իշխանակարգ մը, որուն տիրապետութիւնը կը ծաւալուէր մինչեւ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը, 2005 թուականը։

Այդ ժամանակէն սկսեալ Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմի գլխաւոր թելադրողը կը հանդիսանար շիի համայնքը՝ գլխաւորութեամբ Իրանի նեցուկը ունեցող «Հիզպուլլահ»ին եւ նուազ արմատական (կամ այդպէս ներկայացող) «Ամալ» շարժումին։

Լիբանանցիք, որ առաջին օրէն պայքարի մտան իրարու հետ, զիրար սպաննեցին եւ երկիրը «աւերեցին» ու տակաւին կը յամենան մնալ նոյն գաղափարներուն վրայ։ Խաւ մը կը հաւատայ, որ Լիբանանի փրկութիւնը Արեւմուտքէն է, իսկ երկրորդ հատուածը կը հաւատայ, որ Լիբանան կրնայ գոյատեւել միայն ու միայն Արեւելքին հետ ըլլալով։

Եւ այս ընդհանուր պայքարին մէջ գլխաւոր տուժողը պիտի շարունակէ մնալ Լիբանանի միջին խաւի հասարակութիւնը, որ դեռ կը յուսայ, թէ օր մը ի վերջոյ բոլոր կողմերը պիտի գան այն եզրակացութեան, որ երկրի բոլոր ցաւերն ու վէրքերը պիտի բուժուին միայն ու միայն ներսէն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F10-11-2022-լիբանանի-իրական-ցաւը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın