İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԻՅԱՐՊԱՔԸՐԻ ՍՈՒՐԲ ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 9 Նոյեմբեր 2022, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ինընդունեց Տիյարպաքըրի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ընտրութեանթեկնածուները, գլխաւորութեամբ՝ Վարդգէս Էրկուն Այըքի, որ ատենապետն է ներկայ ծխականխորհուրդի։

Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութեամբտեղեկացաւ, թէ տեղացի եւ օտար այցելուներ ջերմ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէինվերանորոգուլեով բարեզարդուած Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ նկատմամբ։

Վարդգէս Էրկուն Այըք ներկայացուց թեկնածուներու ցանկը եւ յայտնեց, թէ բոլորը խոստացած էինիրենց կարելին ի գործ դնել եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Ծանօթ է, թէ այս ծխականխորհուրդը նաեւ իր պատասխանատուութեան ներքեւ ունի քաղաքի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին, որներկայիս կը գտնուի անմխիթար վիճակի մէջ։ Վարդգէս Էրկուն Այըք յայտնեց, թէ կարելիութիւններկ՚որոնուէին քաղաքի Հայկական այս կառոյցը ներկայանալի վիճակի բերելու համար եւ յիշեց, թէնախորդ Կուսակալ Միւնիր Քարալօղլուի շրջանին վերակառուցման կապակցութեամբյատակագիծերը ու տեղեկագիրները պատրաստուած էին Կուսակալութեան միջոցներով։

Նորին Ամենապատուութիւնը ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ գնահատեց իրենցնախանձախնդիր կեցուածքը եւ մաղթեց որ յարմար միջոցները կարելի կ՚ըլլար ստեղծել այսաղօթատեղին եւս բարեզարդեալ վիճակով պահպանելու համար։ Ներկեներ իրենց որդիականակնածանքը յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, որ հայրական մերձեցումով ընդունած էրզիրենք։

Ընդունելութեան աւարտին Սրբազան Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց իրենց ընտրական շրջանի գործունէութեանց մէջ։

Ծխական Խորհուրդի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 Դեկտեմբեր 2022ին ՏիյարպագըրիՍուրբ Կիրակոս, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր, Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եւ Եշիլգիւղի ՍուրբՍտեփանոս եկեղեցիներու շրջափակներուն մէջ դրուած սնտուկներու շուրջ։ 

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın