Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 8 Նոյեմբեր 2022, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ինընդունեց Ենիգիւղի Թաղային Խորհուրդի ընտրութեան նարնջագոյն ցանկի թեկնածուները, գլխաւորութեամբ Կարպիս Քալայճեանի։
Կարպիս Քալայճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ մի առ մի ներկայացուցթեկնածուները։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որընտրութեան սեմին այցելած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը, ինչ որ առիթ ընծայած էր թեկնածուներըճանչնալու։
Լսեց խումբի ապագայի ծրագիրներուն մասին որոնք կը միտէին եկեղեցւոյ կալուածները աւելիարդիւնաբեր դարձնելու ուղղութեամբ։ Նաեւ անդրադարձան, թէ եկեղեցւոյ շուրջ մանուկներու եւերիտասարդներու
ներկայութիւնը կարեւոր կը նկատէին։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրականթելադրութիւններով շեշտեց թէ՝ եկեղեցւոյ վարչութիւն մը երբ բառին իսկական առումով կըգործակցի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, ու
միասնաբար կը հետաքրքրուի թաղեցի ժողովուրդին հետ այդ կը դառնայ ցանուած հունտեր, որոնքապագային կը ծաղկին ու կը ծաղկեցնեն եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքը։ Յիշեցուց, որ եկեղեցւոյեկամուտները եկեղեցւոյ շէնքը
բարեկարգ վիճակի մէջ պահպանութեան առընթեր, պէտք է օգտագործուին նաեւհաւատացեալներու հոգեւոր շինութեան համար, նկատելով որ հաւատացեալներու խմբաւորումն է, որ կեանք կու տայ նիւթեղէն տաճարներուն։
Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւթեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց ընտրական շրջանի իրենց գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun