İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՌՈՒԲԷՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

 Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, որ Մայր Աթոռ կը գտնուի, 31 Հոկտեմբեր 2022, Երկուշաբթի, ժամը 16.00-ին ընդունեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի Փոխ Նախագահ եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց բնականոնացման ընթացքի Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի այցելութիւնը։

Սուրբ Էջմիածնի Մայրավանքի Նորին Ամենապատուութեան յատկացուած յարկաբաժնին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին Ռուբինեան տարուած աշխատանքներուն ու գործընթացին վերաբերեալ բացատրութիւններ տուաւ։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց սոյն այցելութեան համար, մանաւանդ տեղեկանալով Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց բնականոնացման ընթացքի զարգացումներուն մասին։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, թէ  կը քաջալերէր Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց բնականոնացման գործընթացը։ Շեշտեց նաեւ, թէ լաւ դրացութեան յարաբերութիւնները իրենց դրական ազդեցութիւնը կրնան գործել երկու երկիրներու հայրենակիցներու առօրեայ կեանքէն ներս, նաեւ կրնան ստեղծել խաղաղութեան միջավայր մը  շրջանի երկիրներուն համար, որով կրնան զարգանալ տնտեսական, ընկերային ու մշակութային փոխ յարաբեութիւններ։

Ռուբինեան հետաքրքրուեցաւ մեր համայնքային կեանքով։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթութիւններ փոխանցեց մեր կրօնական, կրթական, բարեսիրական ու մշակութային հաստատութիւններուն մասին։

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի աւարտին Ռուբինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան սոյն ընդունելութեան համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը յաջողութիւն մաղթեց Ծանօթ է,

թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց բնականոնացման ուղութեամբ հանդիպումները կը շարունակուին, որոնց ընթացքին Թուրքիոյ ներկայացուցիչն է  Աւագ Դեսպան Սերտար Քըլըճ, որ ներկայ տարւոյս 22 Փետրուարին այցելած էր Պատրիարքարան ու Նորին Ամենապատուութեան հաղորդած՝  իր տպաւորութիւնները, որոնք ընկալուած էին գոհունակութեամբ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın