Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յայտնի ոսկերիչ-ադամանդագործ Սեւան Պըչաքճը դասուած է Հանրապետութեան նախագահութեան 2022 թուականի մշակոյթի եւ գեղարուեստի մեծ պարգեւներու դափնեկիրներու շարքին։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս տարուան մրցանակակիրները հրապարակեց իր ընկերային ցանցերու պաշտօնական հաշուոյն միջոցաւ։ Նախագահը իւրաքանչիւրը իրարմէ արժէքաւոր այդ պարգեւատրեալներուն համար յղեց իր սրտագին շնորհաւորութիւնները։
Հարկ է նշել, որ յայտնի վարպետ Սեւան Պըչաքճը մրցանակի արժանի դասուած է արհեստի բնագաւառէն ներս։
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F31-10-2022-պըչաքճըին-մեծ-պատիւ
İlk yorum yapan siz olun