İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄՓՈՓԻՉ ԼՈՒՐԵՐ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ԶԵԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՐՄԱՐԱ .- Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէն հրատարակուող «Աղթամար» գրական մշակութային եւ հասարակական թերթի խմբագիր եւ մեր «Մարմարա»ի պատուակալ աշխատակից Յակոբ Տիւնեայեանէն կ’իմանանք, որ Երեւանի «Մերիտիըն Էքսփօ Կենտրոն»ի համաժողովներու սրահներէն ներս վերջին երկու օրերուն՝ 29 եւ 30 Հոկտեմբերի նիստերուն, զեկուցաբեր հիւրերուն ներկայացուցած զեկուցումները, քննարկումները զանազան խորագիրներու տակ նիւթերու շուրջ յագեցած են ՀայաստանՍփիւռք գործակցութեան, ՀայաստանՍփիւռք խնդիրներու համատեղ լուծումներու եւ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան հարցերու վերաբերող նիւթերով՝ Սփիւռքէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն ներկայ գտնուած բազմաթիւ հայրենակիցներու ներկայութեան։

Մեր պատուակալ աշխատակիցէն իմացանք, որ 29 Հոկտեմբերի առաւօտեան, «Ի՞նչ ենք Մենք Կառուցում. Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան Լաւագոյն Օրինակները» նիւթի զեկուցման ընթացքին, Ստեփանակերտէն տեսակապի միջոցով միացաւ եւ քննարկումներու համակարգող Լարա Պերճ Սեդրակեանի հարցումներուն պատասխանեց ծանօթ գօրծարար Ռուբէն Վարդանեան, որ  վերջերս Ռուսաստանէն Արցախ տեղափոխուած եւ այնտեղ հաստատուելու որոշում կայացուցած է։ Այս վերջինը սպառիչ կերպով պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցուցմներուն, հրամայական ու համահայկական պահանջ նկատեց Արցախին գործնապէ՛ս օժանդակելու, անոր անվտանգութեան, արցախահայութեան լինելութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքներուն դէմ նետուած մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները դիմակայելու անհրաժեշտութիւնը։

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Արարատ Միրզոյեան հրաւիրուելով նիստի եւ աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հրապարակային ասուլիսի, մասնաւորապէս խօսեցաւ Հայաստանն ու Արցախը եւ երկու ժողովուրդները յուզող անվտանգային հիմնախնդիրներու մասին՝ պատասխանելով նաեւ ներկաներու հարցումներուն։ Նախարար Միրզոյեան մասնաւորապէս կեդրոնացաւ 13 Սեպտեմբերին Հայաստանի վրայ կատարուած յարձակումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, Փրակի, Ասթանայի եւ այլ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած ՀայաստանԱտրպէյճանԹուրքիա Եւրոմիութիւն քառակողմ, եռակողմ եւ երկողմ՝ ՓաշինեանԷրտողան հանդիպումներուն եւ խօսակցութիւններուն եւ առնելիք քայլերու մասին, դիւանագիտութեան եւ բանակցութիւններու ճամբով սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերու շուրջ լուծումներ գտնելու կարեւորութեան վրայ։ Այդ բոլորը դիտարկուեցան՝ յատկապէս Փրակի մէջ հանդիպումներու լոյսին տակ, երբ հայկական դիւանագիտութիւնը յաջողեցաւ ամրապնդել իր անզիջող, հաստատակամ դիրքորոշումը, երբ առաջ բերուեցաւ 1991ի պաշտօնական համաձայնութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, որով երկու երկիները պաշտօնապէս ճանչցան մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնը, Հայաստանի պարագային՝ 29,800 քռկ. քլմ. տարածութեամբ, երբ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիյեւ ընդունեցին այս իրողութիւնը, կեդրոնանալով նաեւ Խորհրդային տարիներու՝ 1929-ի քարտէսներուն վրայ։ Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու օրակարգին, նախարար Միրզոյեան քննադատեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմաններու բացումին վերաբերեալ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի առաջ քաշած այն նախապայմանը (կամ նախապայմանները), թէ Թուրքիա «պատրաստ է դրական քայլեր առնելու այս գծով, սակայն Հայաստանի եւ Ատրէպէյճանի միջեւ խաղաղութեան կնքման համաձայնագիրէն ետք», բան մը, որ կը հակասէ Էրտողանի նախապէս ընդունած համաձայնութեան՝ առանց նախապայմաններու բանակցութիւններու ճամբով երկու կողմերու սահմաններու բացման վերաբերեալ։ Նախարար Միրզոյեան շեշտեց Եւրոմիութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Հայաստանին օժանդակելու յստակ դիրքորոշումները, որոնք դրսեւորուեցան եւրոպացի ու ամերիկացի բազմաթիւ պատուիրակութիւններու վերջին շրջանին Հայաստան կատարած այցելութիւններու «ֆոն»ին վրայ։ Ան ընդգծեց Ամերիկայի, յատկապէս նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Արտաքին Գործոց Նախարար Էնթընի Պլինքընի ճիգերը՝ Ատրպէյճանէն հայ ռազմագերիներու վերադարձը ապահովելու եւ Ատրպէյճանի վարչակարգին վրայ ազդու ճնշումներ բանեցնելու գծով, միաժամանակ քննադատելով ՄԱԴի (Միացեալ Ապահովութեան Դաշինք կազմակերպութիւն) անկարողութիւնն ու Ռուսաստանի «փրօ-ատրպէյճանական» եւ «փրօ-թրքական» կեցուածքները՝ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն դէմ սանձազերծուած յարձակումներու լոյսին տակ։ 

Յայտնենք, որ ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարար Արարատ Միրզոյանի հետ հրապարակային ասուլիսին մասնաւորապէս ներկայ կը գտնուէր Թուրքիոյ Խորհրդարանի Հէ-Տէ-Փէցի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ նոյն օրը հանդիպում մըն ալ ունեցած էր ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետ։

Գալով գագաթաժողովի երէկուան՝ 30 Հոկտեմբերի նիստերուն, թերթիս պատուակալ աշխատակիցէն կ’իմանանք, որ առաւօտեան նիստին մասնաւորապէս ներկայ գտնուեցաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, որ խօսեցաւ երկրի պաշտպանութեան ոլորտի հիմնահարցերու մասին։ 

Նախարար Պապիկեան խիստ կարեւոր նկատելով պաշտպանական համակարգի հզօրացումը, արդիականացումը, վեր առաւ հայոց բանակի կողմէ երկրի սահմանները անկոտրում կամքով պաշտպանելու ոգին, կարողականութիւնը։ 

Իսկ յետմիջօրէի նիստին, ծանօթ հաղորդավար Ժիրայր Ոսկանեան վարելով նիստը, հրապարակային հարցազրոյց ունեցաւ Կրթութեան եւ Գիտութեան, Մարզանքի ու Մշակոյթի Նախարար Վահագն Տումանեանի, ՀՀ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանի եւ աշխատանքի ու սոցիալական հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանի հետ, որոնք «Կրթութիւն, Առողջապահութիւն եւ Սոցիալական Ապահովութիւն» ընդհանուր խորագրի տակ իւրաքանչիւրը իր մասնագիտական ոլորտէ ներս ներկայացուց իր պատկերացումները, հրամայական պահանջները յուզող խնդիրներու մասին։ Յաջորդ նիստին մասնաւորապէս ներկայ գտնուեցան արեւելագէտ, քաղաքական, հասարակական գործիչ, ՀՀ Սփիւռքի նախկին նախարար եւ ՀՀ Աժ 7րդ գումարման պատգամաւոր «Իմ Քայլը» դաշինքէն, Ազգային Ժողովի Կրթութեան եւ Գիտութեան, Մարզանքի ու Մշակոյթի հարցերու մշտական հարցերու նախագահ, Երեւանի ճատրակի դաշնակցութեան նախագահ Մխիթար Հայրապետեան, որուն կողքին՝ Հայկ Չօպանեան եւ այլ զեկուցող մասնակիցներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը խօսեցաւ իր մասնագիտական ոլորտէն ներս զանազան հարցերու մասին  «ՀայաստանՍփիւռք Գործակցութեան Լաւագոյն Օրինակները եւ Խնդիրներու համատեղ Լուծումները»։

Վերջապէս տեղի է նշել, որ թերթիս պատուակալ աշխատակիցը հանդիպումներ ունեցած է ՀՀ Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի եւ գագաթաժողովին ներկայ  պոլսահայ մտաւորական դէմքերու եւ Մարմարաի ջերմ ընթերցող-բարեկամներու հետ։

https://www.normarmara.com/arsiv2022-2/311022lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın