İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏՕՆ՝ ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏՒՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր, շաբաթ, 29 հոկտեմբեր 2022-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ յիշտակի տօնը՝ Ընդհանրական Սուրբ Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն՝ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետին: Անցեալ շաբաթ օր, նոյն Հայրապետին տօնը նշուեցաւ, այս անգամ Սուրբ Եկեղեցւոյ Տասներկու Սուրբ Վարդապետներուն հետ միասին:

Այսօր Սուրբ Հայրապետին կեանքին մասին ամփոփ անդրադարձ մը պիտի ներկայացնենք, ապա ընթերցողներուն ուշադրութեան պիտի յանձնենք փունջ մը մտածումներ Ոսկեբերան Հայրապետէն:

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ

Ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբերէն, որ ընդգրկուած է նաեւ Եկեղեցւոյ տասներկու վարդապետներու շարքին մէջ: Ծնած է 347-ին, Անտիոք: Ուսանած է ծննդավայրի աստուածաբանական դպրոցէն ներս: Ճգնողական կեանքով ապրած է: 386-ին օծուած է քահանայ: Իր պերճախօս եւ սքանչելի քարոզներուն շնորհիւ, արժանացած է «Ոսկեբերան» տիտղոսին: Եղած է Կոստանդնուպոլսոյ  Պատրիարք՝ հակառակ իր կամքին (398-404): Բուռն կերպով քննադատած է արքունական զեխութիւնները, որու պատճառով ալ 404-ին աքսորուած է, սակայն ժողովուրդին պնդումով կրկին անգամ վերադարձած է իր Աթոռը, ու շարունակած է յանդիմանել արքունական զեխութիւնները: Որոշ ժամանակ ետք կրկին աքսորուած է Պոնտոս, ուր եւ վախճանած է 407-ին: Հոգեւոր մեծ ժառանգութիւն ձգած է, յատկապէս մեկնողական, դաւանաբանական, քարոզախօսական, եւ այլն: 

ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ

• Աղքատ-աղքատութեան մասին

– Օ՜, ինչքան մեծ է աղքատութեան արժէքը: Այն՝ Աստուծոյ դիմակն է: Աղքատութեան տակ Աստուած թաքնուած է. աղքատը իր ձեռքը կը պարզէ՝ սակայն Աստուած կը վերցնէ:

– Աղքատին ձեռքը Քրիստոսի ձեռքն է, ինչ որ անոր մէջ կը դնենք՝ Քրիստոս, միւս ձեռքով կը վերադարձնէ մեզի:

• Աղօթքի մասին

– Ան որ չ՚աղօթեր, իր կեանքին մէջ ո՛չ մէկ լաւ բան կայ:

 Մենք եւս մեր աղօթքներուն մէջ երբեք չյուսահատինք: …Հեռացուցէ՛ք ձեզմէ յուսահատութեան իւրաքանչիւր մտածում: Միշտ Աստուծոյ մօտ շտապենք:

– Ինչպէ՞ս կ՚ուզես որ Տէրը պատասխանէ քեզի, երբ դուն ինքդ չե՛ս գիտակցիր, թէ ի՛նչ կը խնդրես:

 Ո՛չ մէկ բան աղօթքին կը հասնի: Աղօթքը անկարելին՝ կարելի, դժուարը՝ դիւրին եւ ծուռումուռ ճանապարհները շիտակ կը դարձնէ:

 Տկար է աղօթելը առանց պահքի:

 Եթէ նկատեցիր թէ մարդ մը չի՛ սիրեր աղօթել, անմիջապէս գիտցիր որ այդպիսիին մէջ ոչ մէկ լաւ բան կայ: Ան որ չ՚աղօթեր, այդպիսին հոգիով մեռած է եւ անոր մէջ կեանք չկայ:

 Աղօթքը մեծ բարիք է, եթէ երախտագիտութեան զգացումով կ՚ըլլայ, եթէ մենք սորվինք երախտագիտութիւն յայտնել Աստուծոյ, ո՛չ միայն (խնդրածը) ստացած ատեն, այլ՝ չստացած:

 Իսկ դուն, նոյնիսկ եթէ բաղնիքին մէջ ըլլաս՝ աղօթէ՛, ուր ալ գտնուելու ըլլաս՝ աղօթէ՛: Դուն Աստուծոյ տաճարն ես, ուստի տեղ մի՛ փնտռեր:

 Եթէ հոգիդ անպարկեշտ կիրքերէ մաքուր է, հետեւաբար փողոցին մէջ ըլլաս կամ ճանապարհին, դատարանին մէջ ըլլաս կամ ծովուն, հիւրանոցի մէջ ըլլաս կամ արհեստանոցի, միեւնոյնն է, ուր ալ ըլլաս, դուն կրնաս զԱստուած կանչել եւ խնդրածդ ստանալ:

 Աղօթքով սկսող եւ աւարտող սեղանէն ոչինչ չի՛ պակսիր:

 Եթէ դուն հոգեւոր աղօթքներուն հաղորդակից ըլլաս, եթէ ընդհանուր աղօթք մշակես, եթէ դէպի քեզ գրաւես Աստուծոյ օգնութիւնը, եթէ այստեղէն դուրս գաս՝ Աստուծոյ զօրութեամբ պաշտպանուած, ապա չեն համարձակիր գործ ունենալ հետդ ո՛չ սատանան, ո՛չ ալ չարակամ մարդիկ, որոնք կը ձգտին վիրաւորել ու զրպարտել քեզ: Եթէ դուն տունէն փողոց դուրս գաս եւ զրկուած ըլլաս այդ զօրութենէն, ապա դիւրին թիրախ կ՚ըլլաս քեզ վիրաւորողներուն համար:

 Աղօթքի համար բառերը այնքան կարեւոր չեն՝ որքան միտքը. ոչ այնքան ձեռքերուն շարժումները պէտք են՝ որքան հոգիին լարուածութիւնը. ոչ այնքան մարմինի դրութիւնը կարեւոր է՝ որքան հոգիին տրամադրութիւնը:

 Եկէք չարդարանանք՝ ըսելով, թէ աղօթելը դիւրին չէ այն մարդուն համար, որ թաղուած է առօրեայ գործերու մէջ եւ շրջակայքին մօտիկ աղօթատուն չի գտներ: Ուր ալ ըլլաս՝ դուն կարող ես սեփական աղօթասեղան ունենաս. ատիկա մեծ տեղ չի պահանջեր, ոչ ալ երկար ժամանակ: Թէեւ դուն ծունկի չես գար, կուրծքդ չես ծեծեր, ձեռքերդ երկինք չես կարկառեր, այլ՝ միայն ջերմ հոգիդ ցոյց կու տաս, ապա՝ ատով իսկ կը կատարես այն ինչ որ անհրաժեշտ է աղօթքին: Չէ՞ որ կարելի է, ի վերջոյ, փողոց ելլել եւ առանձինն քալելով՝ ջերմեռանդութեամբ աղօթել: Կարելի է արհեստանոցին մէջ նստիլ եւ կօշիկ կարել, սակայն հոգին Տիրոջ առջեւ բանալ: Կարելի է ե՛ւ ծառայած ժամանակ ե՛ւ առեւտուր կատարած ժամանակ, վար կամ վեր իջած-ելած ժամանակ, խոհանոցին մէջ աշխատած ժամանակ, երբ կարելի չէ եկեղեցի երթալ, անկեղծ եւ ջերմեռանդութեամբ աղօթել: Աստուած տեղէն չի՛ խորշիր, այլ՝ միայն մէկ պահանջ ունի՝ բորբոք սիրտ եւ կեդրոնացած հոգի:

• Առաքինութեան-առաքինի կեանքի մասին

– Աստուծոյ՝ մեր մասին յիշողութիւնը ուրիշ բանէ չի՛ գար, քան՝ առաքինութեան մէջ վարժուելու ջանասէր վարքէն, իսկ մեզ մոռացութեան մատնելը ուրիշ բանէ չի՛ գար, քան՝ մեղքի մէջ յայտնուելէն:

 Թէեւ մէկու մը ունեցածը մեծ եւ թանկարժէք ըլլայ, սակայն եթէ ինք լեցուն չէ այդ ամէնը առաքինաբար տնօրինելու եռանդով, ամէն ինչ կ՚ոչնչանայ եւ անոր հետ ալ կը վերանայ. իսկ երբ հոգին ազնուաբարոյ է եւ իմաստութեամբ լեցուն, ապա թէեւ տան մէջ ոչինչ կուտակուած չըլլայ, աներկիւղ կրնայ տիրանալ ցանկացած բարիքի:

• Աստուծոյ մասին

 Բազումողորմ է Աստուած, այնքան ողորմած, որ նոյնիսկ Իր Միածինին չխնայեց, որպէսզի քաւէ անշնորհակալ ծառաներուն մեղքերը:

 Սատանան կը դրդէ մեզ՝ բոլորին հետ թշնամանալ. Աստուած կը հրամայէ մեզի բոլորը բարեկամ համարել ու սիրել:

 Տէր Աստուած ամէն տեղ է, հետեւաբար Ան մեր իւրաքանչիւր հոգոցը կը լսէ, արցունքի ամէն մէկ կաթիլը որ կը թափենք՝ կը տեսնէ: Մեր Աստուածը ամենակարող է, եւ հետեւաբար Ան մեզ ոեւէ մէկ թշնամիէ կրնայ ազատել ու մահուան երախէն ետ խլել: Մեր Աստուածը բարի է, եւ հետեւաբար Ան կ՚ուզէ որ մենք Իր պարգեւած բարեկեցիկ կեանքը վայելենք: Այդ բոլորով հանդերձ, եթէ մեզի որեւէ մէկ դժբախտութիւն կու տայ, ապա կը նշանակէ, որ Աստուած անհրաժեշտ եւ օգտակար կը համարէ այդ (դժբախտութիւնը) մեզի համար:

• Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղ ունենալու մասին

 Ցանկութեան զօրութիւնը որքան ալ մեծ ըլլայ, եթէ դուն քեզ Աստուծոյ վախով ցանկապատես՝ կը յաղթես անոր մոլեգնութեան:

 Մեծ բարիքը այն չէ, որ շատ դրամ ունինք, այլ՝ որ Աստուծոյ երկիւղը ունինք:

• Աստուծոյ որդի ըլլալու մասին

 Եթէ Աստուծոյ Որդին Սուրբ Կոյսին Որդին եղաւ, հետեւաբար մի՛ կասկածիր ո՜վ Ադամի որդի, թէ Աստուծոյ որդի կրնաս ըլլալ:

• Դրամասիրութեան մասին

 Մարդիկ այլեւս ոսկիէ ու արծաթէ կուռքեր չե՛ն պաշտեր, այլ՝ ուղղակի ոսկին ու արծաթը կը պաշտեն, եւ իրենց յոյսը ատոնց վրայ կը դնեն:

 Ինչպէս որ ծովը առանց ալիքներու չ՚ըլլար, այդպէս ալ արծաթասէր մարդուն սիրտը՝ առանց վիշտերու, վախի եւ անհանգստութեան:

• Զիջողութեան մասին

 Զիջողութեամբ եւ քաղցրութեամբ աւելի ապահովապէս պիտի շահինք սիրտերը, քան թէ հմտութիւններու եւ գիտութեան բոլոր լոյսերովը:

• Ընկերոջ մասին

 Ինչե՜ր չ՚ըներ անկեղծ ընկերը: Ի՞նչ հաճոյքներ չի պատճառեր ան. ինչպիսի՜ օգուտներ. ի՜նչ ապահովութիւն: Հազարաւոր գանձեր ալ ցոյց տաս, միեւնոյնն է, ոչ մէկ բան համեմատելի է իսկական ընկերոջ հետ:

 Ընկերը իսկական կեանքէն քաղցր է:

 Ոչինչ այնքան վնասակար չէ, որքան վատ ընկերութիւնը:

 Չէ՞ որ սէրէն աւելի քաղցր բան չկայ: Ինչե՜ր չ՚ըներ անկեղծ ընկերը: Ի՜նչ հաճոյքներ չի պատճառեր ան, ինչպիսի՜ օգուտներ, ի՜նչ ապահովութիւն: Հազարաւոր գանձեր ալ ցոյց տաս, միեւնոյնն է, ոչինչ համեմատելի է իսկական ընկերոջ հետ:

 Անկեղծ ընկերոջմէն թանկ բան չկայ:

 Ճշմարիտ կ՚ըսեմ, ընկերը լոյսէն ալ աւելի տենչալի է: Մեզի համար աւելի լաւ է, որ արեգակը մարի, քան ընկերներէ զրկուինք:

– Ով որ բազմաթիւ ընկերներ ունի, ան չի՛ կրնար որեւէ վիշտ ունենալ: Սակայն, եթէ ոեւէ մէկուն ընկերութիւնը կը վնասէ քեզի, հեռացո՛ւր զայն քեզմէ:

• Կախարդութեան մասին

– Դուն ո՛չ միայն յուռութքներէն կ՚օգտուիս, այլ նաեւ կախարդութեամբ կը զբաղիս, չես ամչնար պառաւներուն դիմելու եւ զանոնք Աստուծոյ տունը կը բերես: Արդարացում չէ՛ այն՝ որ այդ կիները քրիստոնեայ են եւ Աստուծոյ անունով կը գործեն: Ճիշդ ատոր համար կ՚ատեմ զանոնք, որովհետեւ Տիրոջ անունը կը վարկաբեկեն եւ իրենք զիրենք քրիստոնեայ կոչելով հանդերձ՝ Աստուծոյ առջեւ գարշելի գործեր կ՚ընեն:

 Գուշակը, այդ դիւային չար ուժն է: Ան տարբեր միջոցներով սուտն ու կեղծիքը դիւրութեամբ կը նմանեցնէ ճշմարտութեան: Երբեք կամաւորաբար մի՛ մօտենաք գուշակներուն. մի՛ մօտենաք անոնց նաեւ այն ատեն, երբ ձեզ հրապուրելով ու համոզելով, այդ բանը ընելու կը մղեն ուրիշները: Ո՛չ մէկ պարագայի մի՛ համաձայնիք եւ մի՛ մօտենաք անոնց: Առհասարակ, մարդ արարածը շատ կը փափաքի գիտնալ ծածուկն ու անիմանալին, յատկապէս շատ կ՚ուզէ որ ժամանակէն առաջ գիտնայ իրեն սպասող փորձութիւններն ու չարիքները, որպէսզի անսպասելիութեան պատճառով, որպէս թէ, անակնկալի չգայ եւ զուր տեղ խուճապի չմատնուի… Սակայն, եթէ դուք այդպէս անմտօրէն առաջնորդուիք գուշակութեան թելադրանքով, հետեւաբար գիտցէք, որ այդպիսով երիցս անարժան կ՚ըլլաք Աստուծոյ խնամքին եւ գթութեանը, ու այդ մէկը ընելով՝ արդէն իրօք ձեզի համար բազմաթիւ ծանր փորձութիւններ կը նախապատրաստէք: 

• Հաւատքի մասին

 Հաւատքը մեզի կը յայտնէ այն՝ ինչ ճշմարիտ է: Անկեղծ հաւատքէն սէր կը ծնի, որովհետեւ ան որ իսկապէս Արարիչին կը հաւատայ, երբեք չի՛ համաձայնիր ՍԷՐԷՆ հեռանալ:

 Աշխարհային մտածումները միշտ մեր անսփոփ միտքը կը խռովեն եւ մեզ յուզուած ու անհանգիստ վիճակներու մէջ կը պահեն միշտ: Միայն ճշմարիտ հաւատքն է, որ միտքը խարսխելով, զայն ալեկոծումներէն կը հանէ եւ լիակատար խաղաղ ու անվըր-դով վիճակի կը հասցնէ: Այսպիսի մարդը խաղաղ նաւահանգիստի մէջ կառանուած նաւի նման է, որուն նաւապետը Ինք՝ Աստուած է:

• Ճշմարտութեան մասին

– Ճշմարտախօս բերանը Սուրբ Հոգիին դուռն է, իսկ ստախօս բերանը՝ դժոխքի մուտքն է: Հետեւաբար, ձեր բերանը վարժեցուցէք ճշմարտութեան, որպէսզի Սուրբ Հոգին ձեր մէջ բնակի:

• Պահքի մասին

 Թոյլ է աղօթքը, եթէ այն պահքով ամրապնդուած չէ: Ինչո՞ւ. որովհետեւ աղօթած ատեն՝ մենք հոգեւորապէս Աստուծոյ կը նուիրուինք, իսկ պահեցողութեան ատեն թէ՛ հոգիով եւ թէ՛ ալ մարմինով Աստուծոյ կը նուիրուինք, որով Աստուծոյ մատուցուած անուշահոտ ողջակէզ մը կ՚ըլլանք, եւ մեր զոհը կատարեալ կ՚ըլլայ:

– Պահք պահելուդ փաստը գործերուդ ընդմէջէն ցոյց տուր ինծի: Բերանդ մի՛ պահեր միայն, այլ՝ պահէ աչքերդ, ականջներդ, ոտքերդ, ձեռքերդ եւ մարմինինդ բոլոր անդամները:

Ձեռքերդ պահէ՛ առնելէ, ագահութենէն եւ գէշ գործերէ:

Ոտքերդ պահէ՛ յանցանքներու եւ նեղութիւններու ետեւէ վազելէ:

Աչքերդ պահէ՛ ուրախութեամբ տեսնելէ այն ամէնը՝ ինչ չար է:

Ականջներդ պահէ՛ չար խօսքերէ ու բամբասանքէ:

Բերանդ պահէ՛ ատելութեան խօսքերէ, քննադատելէ եւ անիրաւելէ:

Լաւ է, որ ինքզինքդ կը զրկես թռչուններու եւ անասուններու միս ուտելէ, սակայն վա՛յ անոր, որ կը շարունակէ իր եղբայրներուն միսը ուտել:

 Պահեցողութեան իսկական արժէքը կերակուրներէ զրկուիլը չէ, այլ՝ դադրիլն է չարիք գործելէ:

 Ճշմարիտ պահեցողութեան մասին կը խօսիմ, որ միայն ուտելիքներէն զրկանք չէ, այլեւ՝ դադրիլ մեղանչելէ եւս: Փարիսեցին պահք պահեց, սակայն դատարկաձեռն դուրս եկաւ, ունայն՝ պահեցողութեան պտուղէն…, բայց Նինուէացիները պահք պահեցին եւ Աստուծոյ ողորմութիւնները շահեցան:

 Երբ պահք պահողի մը կողքին կանգնիս, անմիջապէս անոր անուշ հոտը կ՚առնես, որովհետեւ աղօթքը հոգեւոր անուշահոտութիւն է, որ անձին առաքինի ըլլալը կը յայտարարէ՝ աչքին ու լեզուին միջոցաւ: Այս մէկը չեմ ըսեր քննադատելու համար ուտողները, այլ՝ որպէսզի պահեցողութեան օգտակարութիւնը ցոյց տամ:

• Սիրոյ մասին

– Սէրը բոլոր առաքինութիւններուն մայրն է:

 Սէրը ամչնալ չի՛ գիտեր, մանաւանդ, որ ամչնալը այն է, որ ո՛չ ոք սիրել գիտէ:

 Սէրը չի՛ տգեղցներ, սակայն սիրելիներուն մեղքերը կը ծածկէ՝ ոսկեայ թեւերու նման:

 Երբ սէր ըլլայ, այլեւս կարիք չկայ ո՛չ օրէնքներու, ո՛չ ալ դատարաններու, որովհետեւ եթէ բոլորը զիրար սիրեցին եւ սիրուած եղան, բոլոր չարիքները կ՚անհետանան:

 Իրապէս, չոր խոտը աւելի դիւրին կրակին կը դիմանայ, քան սատանան՝ սիրոյ բոցերուն:

 Սիրողը այնքան չ՚ուրախանար երբ կը հրամայէ, ինչքան՝ երբ կ՚ենթարկուի:

 Ինչ որ բնութիւնը չի կրնար ընել, սիրոյ ուժը կ՚ընէ:

 Սէրը նպատակ է եւ քրիստոնէութեան իմաստը:

– Սէրը այն անցագիրն է, որով մարդ արարածը երկինքի բոլոր դռներէն կ՚անցնի առանց արգելքի:

• Սուրբ Հաղորդութեան մասին

 Եթէ Քրիստոսին եկեղեցւոյ դրան մօտ եղող աղքատին մէջ չտեսար, Բաժակին մէջ ալ պիտի չգտնես զԻնք:

 Առանց անձնաքննութեան Ս. Հաղորդութեան մօտենալ՝ վտանգաւոր է, իսկ չհաղորդուիլը՝ սով է ու մահ:

 Կը տեսնեմ շատեր, որոնք յաճախակի չեն հաղորդուիր: Այս մէկը սատանայէն է: Այս մէկը անոր ըրած գործն է, որպէսզի մեզ Քրիստոսի Մարմինին հետ յաճախակի հաղորդուելէն հեռու պահէ: Ճշմարիտ է այս բանը, թէ ով որ յաճախակի չի հաղորդը-ւիր, ատով ինքզինք սատանային իշխանութեան տակ կը դնէ, իսկ այս ալ իր կարգին, մարդ արարածը դէպի չարը կ՚առաջնորդէ:

• Տիրոջ շնորհքի մասին

 Ինչպէս կրակը փայտ կը պահանջէ, այնպէս ալ Տիրոջ շնորհքը՝ մեր ջանքերը, որպէսզի բոցավառի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

24 հոկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

http://www.jamanak.com/content/ընկերա-մշակութային/29-10-2022-տօն՝-սուրբ-յովհան-ոսկեբերան-հայրապետւն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın