Եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը արդէն 115 տարեկան է։ Այո՛, անշուշտ, ուրախ ենք։ Յոբելեանը կ՚առթէ բարձր տրամադրութիւն։ Տարեդարձի օրով տխրութիւն կ՚ըլլա՞յ։ Յուզումն ու յոյսը պատած են մեր էութիւնը։ Կ՚ալեկոծի մեր ներաշխարհը՝ մինչ պահ մը մենք մեզի թոյլ կու տանք տարուիլ մեր գործի զգացական երեսակներով։ Մարդկայի՞ն, արդա՞ր. է՜հ այլեւս… Յաջորդականութիւնը աննկարագրելի հանգամանք մըն է այս պարագային՝ մէկ կողմէ կլանող կախարդանքով մը, իսկ միւս կողմէ ինքնավստահութեան վերանորոգ աղբիւր։ Յամենայնդէպս, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին համար տարեդարձը առաջին հերթին ուխտի վերանորոգութեան օր է, կոչումի գիտակցութեան մէջ ամրապնդուելու հերթական առիթ։
*
Առանց հեռանալու համեստութենէ, որպէս այս թերթի խմբագիրը՝ պարտաւոր եմ ամէն պահ մտածել, թէ ի՞նչ բան չեմ կրցած ընել ԺԱՄԱՆԱԿ-ին համար, ի՞նչ բանի մէջ թերացած եմ, տակաւին ինչե՞ր պէտք է հասցնեմ իրագործել, որպէսզի անոր երթը ըլլայ երաշխաւորուած։ Հաւատացէ՛ք, ծանր հաշուեկշիռ է՝ խղճի առջեւ ու բոլոր առումներով։ Իսկ տարեդարձի օրով կարծես կը համարձակիմ քիչ մը դուրս գալ այդ պատեանէն։ Պահ մը կը ձերբազատուիմ այդ զսպանակէն։ Այսօր կը զգամ, թէ հանգիստ խղճով կրնամ այցելել Օշական՝ Մաշտոցի բարեխօսութիւնը խնդրելու։ Այսօր կը զգամ, որ ուղիղ կրնամ նայիլ Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի աչքին, կրնամ հայեացքս ուղղել Յակոբ Մեղապարտին։ Եւ ի վերջոյ այսօր կը զգամ, թէ բաց ճակատով կրնամ այցելել իմ նախնիներուն Պալըքլըի գերեզմանատան դամբարանը, ուր կրնամ խաչակնքել մեծ հօրս յիշատակին առջեւ։ Քիչ բան չէ նուաստիս համար։
*
Յոբելեանները թէեւ ունին իրենց հմայքը, բայց երբեք չեն կրնար թաքցնել կամ քօղարկել ճշմարտութիւնները։ Եթէ վերյիշենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նախորդ երկու տարեդարձներուն խմբագրականները, ապա այսօր չենք կրնար մոռացութեան տալ կամ շրջանցել այդ փուլերուն հնչած ահազանգը, որ, ի դէպ, բաւական լայն արձագանգ գտած էր։ Եւ այսօր հակուած չենք խուսափիլ այդ ահազանգէն բխած պատասխանատուութենէն՝ պատրուակելով յոբելեանը։ Կանխաւ յայտնենք, որ բացարձակապէս չեն յաղթահարուած այն առարկայական պատճառները, որոնց հետեւանքով ԺԱՄԱՆԱԿ-ը անդունդի եզրին հասած է։ Այո՛, այդ տագնապով եւ անկէ ծնունդ առած ահազանգով հանդերձ, ճի՛շդ է, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կը գոյատեւէ։ Գայթակղեցուցիչ է, որ կարգ մը շրջանակներ օրհասական վիճակի բարձրաձայնումը այս թերթի վարչական մարտավարութիւնը կը համարեն։ Այլեւս սովոր ենք այսպիսի իրավիճակներու դիմաց որդեգրուած ընթացքը կամ ցուցաբերուած վերաբերմունքը՝ ենթակայի սեփական բարոյականին հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ ընկալելու։ Մնաց որ, հազար ափսոս, շատ աւելի գայթակղեցուցիչ է ահազանգին դիմաց համատարած անտարբերութիւնը։ Սա է մեր գոյատեւած մթնոլորտը, այսպէս է մեր արտադրութեան միջավայրը։ Կը ջանանք համբերել ու կը փորձենք մենք մեզ խնայել, որպէսզի չշեղինք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կայունութեան առաջնահերթութենէն։
Կրկնենք, որ մեր հնչեցուցած ահազանգին հիմք հանդիսացած առարկայական պատճառները կը մնան ի զօրու՝ ամենայն խորութեամբ ու լրջութեամբ։ Բնականաբար, այդ բոլորով հանդերձ թերթին գոյատեւումը դրական է ու ողջունելի։ Սակայն, ինչքա՞ն կարելի է վստահիլ պատահականութիւններու։ Համոզուած, ինքնավստահ ու բաւարարուած զգալու համար պէտք է տեսնել հաստատութենական լուծումներ, որոնց նշոյլն անգամ չկայ ներկայիս։ Լաւատեսութիւնը շուտով կրնայ ինքնախաբութեան եւ հիասթափութեան վերածուիլ, եթէ չէ հիմնաւորուած գոնէ նուազագոյն չափով։ Հաճելի՞ է, թէ վտանգաւոր՝ արգելակները խանգարուած ինքնաշարժով մը ճամբորդելը. պէտք է որոշել։ Յարաբերակա՞ն…
Մայրենիի նահանջի աղէտը մէկ կողմ, թրքահայ իրականութեան մէջ հետզհետէ կը ստորագնահատուի արհեստավարժ հաղորդակցութիւն կազմակերպելու նշանակութիւնը։ Այլանդակութիւնը այնպիսի համեմատութիւններու հասած է, որ մամուլը լուրջ սպառնալիքներու դէմ յանդիման մնացած է։ Իսկ բաւական նուրբ հաւասարակշռութիւններով համայնքային մամուլն ալ տակաւ կ՚ապրի արիւնահոսութիւն եւ կը դառնայ հետզհետէ փխրուն ու խոցելի։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ն ալ այս նոյն նաւուն մէջ է՝ թէեւ ունի նաեւ յաւելեալ մարտահրաւէրներ։ Այս երթը կասեցնելու համար պէտք է յստակ վերաբերմունք նկատուի հաւաքական կեանքէ ներս, սակայն հորիզոնին վրայ որեւէ ազդանշան չկայ։ Այժմ տակաւ կը յստականայ, որ այդքան երկար սպասուած համայնքային ընտրութիւններն ալ բալասան պիտի չկարողանան ըլլալ առկայ ցաւերուն։ Լճացումը այնպիսի կէտի մը հասած է, որ բեկում մը ապահովելու համար կարծես բոլորովին տարբեր չափանիշներով պէտք է առաջնորդուիլ։
Այս բոլորէն վերջ վերադառնալով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 115-ամեակին։ Գուցէ տպաւորութիւն ստեղծուի, թէ վերոյիշեալ հաստատումները մեզ կը զրկեն տարեդարձին անդրադառնալու բարոյական իրաւունքէն։ Չենք զարմանար՝ մանաւանդ դժուար չէ հասկնալ, թէ շատ քիչեր կրնան պատկերացնել մեր առաքելութեան իրացման ահաւոր մթնոլորտը։ Աւելի՛ն, լրագրութիւնը միշտ ալ եղած է անշնորհակալ ասպարէզ։ Բայց եւ այնպէս, առկայ պայմաններուն ներքեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տարեդարձն ալ կը ստանայ արտասովոր իմաստ։ Այս յոբելեանը մեզի համար բարոյահոգեբանական պատնէշի մը յաղթահարումը կը նշանակէ՝ այս թերթի յարատեւման յամառ ու անվհատ պայքարի ճանապարհին, ուր մեր միակ ապաւէնն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ազնիւ ու անզուգական ընթերցողը, որուն երախտապարտ ենք անսահմանօրէն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
İlk yorum yapan siz olun