Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 26 Հոկտեմբեր 2022, Չորեքշաբթի առաւօտ, ընդունեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւոիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչները, հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի առաջնորդութեամբ եւ ատենապետ՝ Յարութիւն Էպէօղլուի գլխաւորութեամբ։
Այցելուները այս այցելութեամբ խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան, որ պիտի կատարուի յառաջիկայ 13 Նոյեմբեր, Կիրակի առաւօտ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։
Անոնք տեղեկութիւն տուին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի, իրենց գործունէութեանց ու ապագայի ծրագիրներու մասին։
Պատրիարք Հայրը խոստացաւ սիրով ընդառաջել Ղալաթիոյ հրաւէրին եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն եւ կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun