İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 26 Հոկտեմբեր 2022, Չորեքշաբթի առաւօտ, ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս – Ս. Բարթողոմէոս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանի առաջնորդութեամբ եւ ատենապետ՝ Մուրատ Քարամանի գլխաւորութեամբ Թաղային Խորհուրդի անդամները։

Այցելուները այս այցելութեամբ խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան, որ պիտի կատարուի յառաջիկայ 3-4 Դեկտեմբեր, շաբաթավերջին՝ Շաբաթ առաւօտ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս առաքեալներու տօնը, իսկ Կիրակի առաւօտ՝ տարեկան տօնախմբութիւնը։

Անոնք տեղեկութիւն տուին իրենց գործունէութեանց ու ապագայի ծրագիրներու մասին եւ ըսին թէ Եկեղեցւոյ զանազան նորոգութիւնները կատարուած են ուղղակի Եկեղեցւոյ պիւտճէէն։ Իսկ կարգ մը կալուածներու համար ալ դատական միջոցներու դիմած են։

Գալով յառաջիկայ ընտրութեանց. Այցելուներ յայտնեցին որ Թաղային Խորհուրդի այժմու  կազմը իր թեկնածութիւնը կը դնէ, որպէս ճերմակ ցանկ։ Առաւելաբար երիտասարդ ոյժերէ բաղկացեալ կազմին մէջ ներառնուած են նաեւ չորս իգական սեռի անդամներ։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խոստացաւ սիրով ընդառաջել Ենիգաբուի հրաւէրին եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın