İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ ԳՈՀԱՐԵՂԷՆՆ ՈՒ ՀԱՅ ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐԸ»

Կը տեղեկանանք, որ «Yapı Kredi» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է «Օսմանեան շրջանին գոհարեղէնն ու հայ ոսկերիչները» գիրքը, որու հեղինակն է Արսէն Եարման։ Երկու հաստափոր հատորներէ բաղկացեալ ծաւալուն ուսումնասիրութեան մը արդիւնքն է այս կոթողային գործը, որու իմաստն ու նշանակութիւնը կը բիւրեղանան ինչպէս բովանդակութեան խորութեամբ, այնպէս ալ տեսանիւթերու ճոխութեամբ ու հարստութեամբ։

Արսէն Եարման, որ ցայսօր քաղաքի կամ հաստատութիւններու պատմութիւնը խոշորացոյցի տակ բերած է զանազան պրպտումներով, այս անգամ ալ գոհարեղէններու, ադամանդագործութեան ու ոսկերչութեան հմայիչ աշխարհը ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է։ Բաւական երկար ժամանակահատուածի մը կտրուածքով ան կատարած է իր ուսումնասիրութիւնը՝ 14-20-րդ դարերուն վերաբերեալ արխիւները եւ այլ զանազան աղբիւրներ աչքէ անցընելով։

Արսէն Եարման նիւթի սահմանումներուն մէջ հաշուի առած է զանազան սուլթաններու գահակալութեան տարիներու առանձնայատկութիւնները, ոսկերչական վարպետութիւններու շնորհիւ մեծ ազդեցութեան լծակներ ձեռք բերած հայ գերդաստանները, արհեստաւոր նշանաւոր վարպետները եւ, անշուշտ, դարեր շարունակ ոսկերչութեան ու ադամանդագործութեան օրրանը հանդիսացած Գոց շուկան, ուր հայ վարպետները մինչեւ մօտաւոր անցեալը եղած են անմրցելի։

Հարկ է նշել, որ «Yapı Kredi» հրատարակչատան մէջ յառաջիկայ օրերուն շնորհանդէս մըն ալ տեղի պիտի ունենայ Արսէն Եարմանի հեղինակած այս նոր գիրքին համար։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F26-10-2022-«%D6%85սմանեան-շրջանին-գոհարեղէնն-ու-հայ-ոսկերիչները»

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın