ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը ներկայիս ամբողջութեամբ ողողուած է ընտրութիւններու վերաբերեալ իրադարձութիւններով։ Համայնքային վաքըֆներու ընտրութիւնները, որոնք շուրջ 15 տարիէ ի վեր տեղի չէին ունեցած, մինչեւ տարեվերջ պէտք է կատարուին։ Այսպէսով պիտի վերանորոգուին համայնքային բոլոր հաստատութիւններու, կառոյցներու վարչական խորհուրդներու կազմերը։ Մատակարար մարմիններու թարմացումով արդէն նոր շրջան մը պիտի սկսի յառաջիկայ տարեմուտին։ Ցարդ միայն Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ եւ հիմա աստիճանաբար հերթը կը հասնի միւսներուն։ Մինչեւ տարեվերջ եւս 41 հաստատութեան համար քուէարկութիւն պիտի կատարուի։ Սա կը նշանակէ, որ իրերայաջորդ ընտրութիւններով բնորոշուած օրակարգ մը պիտի ունենայ համայնքը, մինչ Օրթագիւղի եկեղեցւոյ ընտրութեան արդիւնքը եկած է ցոյց տալ, որ պոլսահայ իրականութենէն ներս փոփոխութեան հովեր կը փչեն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս մթնոլորտին մէջ անցեալ կիրակի կարեւոր ելոյթ մը ունեցաւ՝ Ֆէրիգիւղի տարեկան սիրոյ սեղանի հուսկ բանքին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թէ՛ իր կարեւոր դիտարկումները բաժնեց համայնքային շրջանակներուն հետ եւ թէ՛ խորհրդածութիւններ ըրաւ հրատապ հարցերու շուրջ։ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդի ընտրութեան մասնակիցներուն թիւը նկատի ունենալով՝ ան ըսաւ. «Եթէ մեր ամենամրցակցային ընտրութեան միայն շուրջ 3 հազար 500 հոգի մասնակցած է, ապա սա կը նշանակէ, որ մենք կը կորսնցնենք մեր ժողովուրդը։ Մեր հաւաքական կեանքէն ներս առկայ է մեծ անտարբերութիւն մը եւ մեր ամենամեծ խնդիրն ալ այս մէկն է»։
Քանի մինչեւ տարեվերջ եւս 41 կառոյցի համար քուէարկութիւն պիտի կատարուի՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յորդորեց, որպէսզի Օրթագիւղի ընտրութեան փորձառութեան լոյսին տակ անպայման կատարելագործուին ընտրողներու ցուցակները։ Սա անհրաժեշտութիւն մըն է, որպէսզի հնարաւորինս ներառական եւ համընդգրկուն ընտրութիւն մը կատարուի։
Համայնքէ ներս համատարած անտարբերութեան խնդրին ի շարունակութիւն՝ Նորին Ամենապատուութիւնը հարց տուաւ. «Ո՞ւր են մեր այն երիտասարդները, որոնք կարդացուցած, համալսարան ուղարկած ենք։ Անոնց կարիքը կը զգանք ներկայ ընտրութիւններուն, որպէսզի կազմակերպչական աշխատանքներու մէջ դեր ստանձնեն»։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը աւելի վերջ դիտել տուաւ, որ Օրթագիւղի եկեղեցւոյ պարագային տեղի ունեցած առաջին ընտրութեան արդիւնքը յստակօրէն ցոյց տուած է, որ համայնքը կը ձգտի նոր հասկացութեան մը։ «Աւելի լաւ համայնք մը դառնալու որոնումին մէջ ենք։ Մեր ունեւոր հաստատութիւնները ցայսօր ծախսելէ, իրենց տնօրինած միջոցները բաժնելէ խուսափած են։ Մեր համայնքը այլեւս աւելի շատ տալու, աւելի շատ բաժնելու մտայնութեան հիման վրայ խարսխուած հասկացութեան մը հետամուտ է։ Մենք մեր կառոյցներու հարստութիւնով կրնանք ապահով պահել մեր վարժարանները։ Օրթագիւղի ընտրութեան արդիւնքը ցոյց տուած է, որ աւելի շատ տալու եւ բաժնելու ուղղեալ վարչական մտայնութիւն մը կ՚ուզէ հաստատել մեր համայնքը։
«Փորձառու վարիչներու կողմէ բերուած ծառայութեան փոխարէն պոլսահայութիւնը երախտագիտութեան մէջ չի թերանար, սակայն նաեւ չի թաքցներ փոփոխութեան իր ցանկութիւնը։ Շատ սակաւ են վարչային ըլլալու թեկնածուները, իսկ ընտրուածներն ալ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ ճանապարհով պէտք է ընթանան։ Համայնքը կը գնահատէ անցեալի մէջ կատարուածները, սակայն կ՚ուզէ նաեւ տեսնել նորութիւններ։ Ուստի, այս փուլին յոյսեր կան այս բոլորին համար։ Մեր ժողովուրդը մեր հաստատութիւններուն ունեցածը կը համարէ հաւաքական հարստութիւն։ Մարդիկ կ՚ըսեն, որ սա մեր դրամն է եւ անով պէտք է պատրաստուի մեր ապագան», շարունակեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։
Իր խորհրդածութիւններուն մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ անհրաժեշտութիւն է համայնքային կեանքէն ներս առողջ հերթի փոփոխութիւն մը կազմակերպելը։ Այս կէտէն սկսեալ ան մատնանշեց, որ աշխարհական գետնի վրայ կազմակերպումը, կազմակերպուածութեան մակարդակը շատ տկար են եւ այս բանը անհանդուրժելի է։ «Մենք հաւաքական միտք մը ձեւաւորելու ճանապարհին շատ կաղացինք, որովհետեւ մեր աշխարհական կազմակերպութիւնը շատ տկար մնացած է։ Այսօր քննադատութիւններ կը հնչեն, թէ պատրիարքը աշխարհական գործերու կը խառնուի։ Երբ որ աշխարհական դաշտը այսքան պարապ է, ես ցաւ կը զգամ, ի՞նչ պէտք է ընեմ։ Մէկ կողմէ կեանքի ընթացքը երբեք պարապութիւն չի ճանչնար եւ բոլոր պարապութիւնները ձեւով մը կը լրացուին, իսկ միւս կողմէ մեր պատրիարքները երբեք միայն հոգեւոր առաջնորդներ չեն եղած։ Օսմանեան շրջանէն ի վեր միշտ Պատրիարքարանէն կառավարուած են թէ՛ աշխարհական եւ թէ՛ կրօնական գործերը։ Պատրիարքարանը կեդրոն մըն է։ Առանց կեդրոնի, առանց կեդրոնաձիգ համակարգի որեւէ գործ չի քալեր», ընդգծեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Հուսկ բանքի վերջին բաժնին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրի պատրաստակամութիւնը՝ շրջան մը եւս իր ընկերներուն հետ պաշտօնի գլուխ մնալու ուղղութեամբ։
http://www.jamanak.com/content/օրակարգի-նիւթերը/25-10-2022-չկորսնցնել-ժողովուրդը
İlk yorum yapan siz olun