İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՊԻՒՏՃԷԻ ԲԱՑԸ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԵՑԱՒ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՍՏՈՒՄՈՎ

Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Ֆէրիգիւղի վրայ, ուր տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Հաւաքոյթին մասնակցեցան համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին սեղանակիցները։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ թաղային խորհուրդէն Գարէն Թերզեանի հանդիսավարութեամբ։ Թաղային խորհուրդին անունով արտայայտուեցան ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ ատենադպրուհի Ազնիւ Մեծատուրեան։ Ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Մէրամէթճեան վարժարանի նորանշանակ տնօրէնուհի Սեսիլ Նարօտ Քարահիսարիտիս։ Յայտագրին մասնակցեցան նաեւ դպրոցի աշակերտները, որոնք արժանացան ծափահարութիւններու։ Թաղային խորհուրդին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները յանձնուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ։ Այս ծիրին մէջ ներկաները ողջունեցին վարժարանի նախկին բազմամեայ տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, որ արժանացաւ ծափահարութիւններու։ Վերյիշուեցաւ նաեւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի երախտաւորներէն հոգելոյս Կարօ Համամճեան, որ համաճարակի զոհ գացած էր։ Իր այրին՝ Անի Համամճեան եւ դուստրը Սելին Համամճեան ստացան թաղային խորհուրդին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրը։ Յայտագիրը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով։

Ֆէրիգիւղի պիւտճէի բացը հաւասարակշռուեցաւ՝ Օրթագիւղի եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդին կողմէ տրուած խոստումով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ բոլոր ներկաները ողջունեցին Սարգիս Չեթինքայան, որ կը գլխաւորէ նորընտիր կազմը։  

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/24-10-2022-ֆէրիգիւղի-տարեկան-պիւտճէի-բացը-հաւասարակշռուեցաւ-օրթագիւղի-նորընտիր

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın