İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԱՄՈՒԿ ԷԻՆ ՄԵՐ ԱՉՔԵՐԸ…

ՄԱՐՄԱՐԱ.- Տամուկ էին մեր աչքերը…։

Ֆէրիգիւղ գացած էինք եկեղեցւոյ տօնական օրուայ առիթով։ Աշնանային արեւոտ եղանակ էր։ Ժողովուրդը վերադարձած էր իր աւանդական եռուզեռին. ներսը Ս. Պատարագ կը մատուցուէր, շրջափակին մէջ թաղականներ մատաղ կը բաժնէին, վերի սրահէն ներս վերջին պատրաստութիւնները կը տեսնուէին հիւրերն ու հրաւիրեալները ընդունելու համար, իսկ մենք դատապարտուած էինք հերթական «փորձութեան»։

Տաղաւար տօներուն ապրած էինք այդ զգացումը, բայց երէկ յուզումը անգամ մը եւս տակնուվրայ ըրաւ ամէն ինչ։ Դէպի Թաղային Խորհուրդի խորհրդարան տանող սանդուխներուն վրայ մեծ բացակայ մը կար, մեր աչքերը այլեւս քեզ կը փնտռէին ու չէին տեսներ սիրելի Պր. Կարօ։ Անդին, եկեղեցւոյ Խորանէն չէր լսուեր վախճանեալ Թաթուլ Հայր Սուրբի տպաւորիչ պատգամը, իսկ վերնատունէն հնչող երգեցողութեան ընդմէջէն պակսած էր հարազատ ձայն մը. երգչախումբի անդամները տօնական օրուայ շարականները կþերգէին առանց իրենց երկարամեայ ընկերոջ՝ Ալպէր Կիւլպէնկի։ 

Երեքն ալ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ հետ նոյնացուցած էին իրենց կեանքը։ Նուիրումը, անսակարկ ծառայելու պատրաստակամութիւնը դարձուցած էին առօրեայի կարգախօս ու այդպէս մնացած էին մինչեւ իրենց կեանքի վերջին օրերը. երկուքը զոհ գացին Քորոնայի, երրորդը չկրցաւ փրկուիլ քաղցկեղէն…։

***

Եթէ…։

Եթէ ողջ ըլլար, այսօր, մատաղին յաջորդող օրը անպայման բան մը ըսելիք պիտի ունենար մեր սիրելի Կարօն։ 

Պիտի գար, անհամբեր պիտի սպասէր որ մեր գործը վերջանար ու ինք վերի յարկ ելլէր՝ սուրճի պահուն։ 

Պիտի գար ու պիտի գանգատէր որ վերի սրահին մէջ առատ ուտելիքներ կը մատուցուէին կարիքաւորներուն, տատիկ¬պապիկներուն, բայց անոնք անպայմա՛ն գլխաւոր սրահ մտնել կþուզէին, աւելի՛ն՝ չէին սպասեր որ բոլորը հաւաքուէին, սեղանները օրհնուէին ու ճաշկերոյթը սկսէր։ Արագօրէն կþուտէին ու կը լքէին սրահը, պարապ թողլով աթոռները։

Պիտի գար ու ձիթաիւղով «տոլմա» պիտի բերէր մեր Խմբագրապետին, որովհետեւ Ֆէրիգիւղի «մայրիկ»ները հիանալի տոլմա կը պատրաստէին, կը գովէր ու կը գովէր, «մերիններուն ձեռքը տարբեր է», կը պատմէր մեզի։

Պիտի գար ու պիտի ըսէր որ «խնդիր» մը ունեցած էր Թաթուլ Հայր Սուրբի հետ։ Տաղաւար կամ տօնական օրերուն այդպիսի հարցեր միշտ կþըլլային։ Երկուքը անպայման բան մը կը գտնէին «անհասկացողութեան» համար. կը դժգոհէին իրարմէ, առանց անդրադառնալու որ իրենք  «գոյն» էին, «համ» ու «հոտ» էին Ֆէրիգիւղի համար։

Պիտի գար ու պիտի խօսէր հաւաքուած գումարին մասին։ Վերջին տարիներուն հազիւ գումարին կէսը կը հանգանակուէր։ «Ինչպէ՞ս աշխատինք» կþըսէր, կþերազէր այն օրը, երբ խնդիր պիտի չունենային, Ատենապետ Մանուկ Էօղէր, ինք, ընկերները հանգիստ շունչ պիտի քաշէին, աշխատանքի առանցքը սեւեռելով կարեւոր այլ առաջնահերթութիւններուն վրայ։ «Նայեցէ՛ք, Պր. Ռոպէր, հո՛ս կþըսեմ. Մանուկ Էօղէր պիտի թողու, պիտի երթայ, ի՞նչ ընէ, ի՞նչպէս դիմանայ, եթէ ժողովուրդը անտարբեր է մեր խնդիրներուն», պիտի ըսէր ու պիտի բողոքէր մեզի։

Պիտի գար ու դարձեալ պիտի գանգատէր, որ թաղեցի ընտանիքներ իրենց զաւակները այլ դպրոցներ կը տանէին ու Մէրամէթճեանը  չէի՛ն նախընտրեր միայն այն բանի համար, որ միւս վարժարաններուն մէջ ուսումը ձրի էր։

Պիտի գար ու պիտի երազէր. արդեօք պիտի տեսնէ՞ր, պիտի տեսնէի՞ն այն օրը, երբ Սիրոյ Սեղանի աւարտին Պատրիարք Հայրը ուրախութեամբ պիտի աւետէր գումարը հաւաքուած ըլլալու, Թաղային Խորհուրդը շնորհաւորելու, Սիրոյ Սեղանը ի՛ր նպատակին ծառայեցնելու մասին։

… Երէկ ա՛յդ օրն էր։ Պատրիարք Սրբազանը խանդավառ տրամադրութեամբ աւետաբեր ա՛յդ լուրը կուտար թաղականութեան ու ժողովուրդին։

Սիրելի Պր. Կարօ, սիրելի Հայր Սուրբ, սիրելի Ալպէր աղբարիկ, ձեր երեքին ալ երազանքը երէկ կատարուած էր։ Միա՛յն թէ դուք բացակայ էիք…։ Մե՜ղք, շատ մե՜ղք…։

Ն. Ս.

https://www.normarmara.com/arsiv2022-2/241022lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın