İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի հաստատման 100-ամեայ յոբելեանը երէկ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Լոնտոնի մէջ։ Այս առթիւ, Լոնտոնի Ս. Սոֆի յոյն ուղղափառ մայր տաճարին մէջ գոհաբանական Ս. Պատարագ մատոյց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ միջկրօնական եւ միջեկեղեցական ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էր Հայց. Արաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան՝ ընկերակցութեամբ Տ. Շնորհք Վրդ. Պաղտասարեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի Լոնտոնի Հելլէնական կեդրոնին մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը, որուն եւս մասնակցեցան միջեկեղեցական հիւրերը։ Այս փուլին Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը, որու փոխանցեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ողջոյնները։

http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/24-10-2022-լոնտոնի-մէջ-յոբելեան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın