Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 23 Հոկտեմբեր 2022, Կիրակի, նախագահեց Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան։
Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սայաթ Սրկ. Չնարեան, Բրշ. Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ դպիրներ։ Արարողութեան ներկայ եղաւ Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան Եկեղեցւոյ Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լուսի Գահվէճիօղլուի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Հայրը քարոզեց։ Նախ անդրադարձաւ խաչի ու խաչի գաղափարին, ապա օրուան տօնին՝ Գիւտ Խաչի դէպքին ու անոր իմաստին։
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա անդրադարձաւ Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ եւ թաղի Մերամէթճեան վարժարանին,որոնք մէկմէկ խորհրդանիշներն են մեր համայնքի աղօթատուներուն եւ վարժարաններուն։ Եկեղեցւոյ մէջ պիտի կերտուի մարդու հոգին, հոգեւոր կեանքը, իսկ վարժարանին մէջ՝ միտքը, մանուկը ուսում պիտի ստանայ եւ կրթուի։ Այս կէտերէն մեկնելով հասկնալի կը դառնայ թէ որքան կարեւոր են այս երկու կեդրոնները թէ անձերու համար եւ թէ ապագայ կերտելու տեսակէտէ համայնքին համար։ Այս երկու հաստատութիւններով է որ մենք մեր արժէքները պիտի կարողանանք փոխանցել մեր յաջորդ սերունդներուն։ Ասոր համար է որ կենսական է եւ այդպէս պէտք է ըլլայ անոնց դերը բոլորիս համար։
Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց թաղային խորհուրդը, վարժարանի տնօրէնուհին, դպրաց դասն ու անոր վարիչը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց իրենց առաքելութեան մէջ։
Քարոզի աւարտին կատարուեցաւ եկեղեցւոյ սատարողներու համար հոգեհանգստեան կարգ եւ մատաղօրհնէք։
Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/3442323969385537 )։
***
Կրօնական արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահին մէջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun