İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Գահիրէի մերձակայ Անպա Պիշոյ վանքին մէջ ներկայ շաբթուան առաջին կէսին տեղի ունեցաւ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքի եւ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքին հանդիպումը։ Այս երեք հոգեւոր առաջնորդներու տեսակցութեան յաջորդեց անոնց Աթոռներու ներկայացուցիչներուն տեսակցութիւնը։ Եռօրեայ աշխատանքի աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որով շեշտուեցաւ միջեկեղեցական համագործակցութեան, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան եւ եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան կարեւորութիւնը։

Այս ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը յառաջիկայ տարի նախատեսուած է Անթիլիասի մէջ։

http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/21-10-2022-գահիրէի-մէջ-հանդիպում

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın