Հայաստանի կառավարութիւնը այս շրջանին կը քննարկէ նախագիծ մը, որով կը նախատեսուի պարզեցուած կարգով քաղաքացիութիւն տալ այն անձերուն, որոնք երկրէն ներս 150 հազար ամերիկեան տոլար ներդրում կը կատարեն։ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան այս կապակցութեամբ յայտնեց, որ երկրէն ներս օտարերկրեայ ներդրումները միշտ խրախուսուած են, թէ՛ մասնաւոր անձերու եւ թէ մեծ ընկերութիւններու ներդրումները քաջալերուած են համաչափ։ «Այս նախագիծով մենք կ՚ուզենք օգտուիլ այն հնարաւորութիւններէն, որոնք աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին։ Այսպէսով կը լուծուի երկու հարց։ Գաղթի հարցը, այսինքն՝ որոշ անձեր դարձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի եւ ներդրումներու միջոցաւ երկրի տնտեսութիւնը զարգացնելը։ Ի հարկէ, նախագիծին մէջ որոշ ճշգրտումներ կը կատարուին եւ ան համապարփակ տեսքի կու գայ», ըսաւ Վահան Քերոբեան։
Այս կապակցութեամբ նախարարին հարց տրուեցաւ, որ արդեօք մտավախութիւն չկա՞յ, թէ թուրքեր կամ ատրպէյճանցիներ նոյնպէս ներդրումներ կը կատարեն եւ կը դառնան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի։ Ի պատասխան Քերոբեան ըսաւ հետեւեալը.
«Խօսքը այն մասին չէ, թէ ով որ դիմէ, քաղաքացիութիւն պիտի ստանայ։ Անհրաժեշտ ընթացակարգերը թէ՛ ոստիկանութեան եւ թէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ պիտի կատարուին։ Այդ հարցերը այդ մակարդակին վրայ կը չէզոքացուին։ Չենք ունենար այնպիսի իրավիճակ մը, երբ կ՚ունենանք չափէ աւելի երկքաղաքացի թուրքեր»։
Նախարարին ուղղուեցաւ նաեւ ճշդող հարց մը։ Արդեօք կը բացառուի՞ թուրքերուն կամ ատրպէյճանցիներուն քաղաքացիութեան տրամադրումը։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Չեմ կրնար ըսել՝ կը բացառուի։ Գիտէք, Թուրքիոյ մէջ ալ կ՚ապրին բաւական շատ թիւով հայեր։ Վստահ եմ՝ պիտի չէզոքացուին կասկածելի դէպքերը»։
İlk yorum yapan siz olun