İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑ՝ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 19 Հոկտեմբեր 2022, Չորեքշաբթի գիշեր, ժամը 21.00-ին, օդային ճամբով մեկնեցաւ Մալաթիա։ Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանար Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ 

Նորին Ամենապատուութեան ողջերթ մաղթեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։ 

Պատրիարք Հայրը Մալաթիոյ օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ Գաւառի մերազն համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, քաղաքաբնակ համայնքէն Սէրտար Պօյաճըի եւ զաւակներուն՝ Սարգիսի եւ Արէդի, Մալաթիոյ Հայրենակցական Միութեան Ատենապետ Նուրհան Կէզտիրիճիի, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի եւ Եուսուֆ Թապաշեանի կողմէ։

Մեր Հոգեւոր Պետը առաջնորդուեցաւ հիւրանոց։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՐԲԵՄՆԻ Ս ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

20 Հոկտեմբեր 2022, Հինգշաթբի առաւօտ, ժամը 9.30-ին, այժմ Թաշխորան կոչուած երբեմնի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ, ձեռամբ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի։ Արարողութեան նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեան եւ Սարգիս Պօյաճը։

Երգեցողութիւնները կատարեց Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանան, մասնակցութեամբ երգեցողութեան ծանօթ քաղաքաբնակ հաւատացեալներու։

Ճաշու գիրքը կարդաց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, իսկ ճաշու Աւետարանը՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քահանան։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ ողջունեց քաղաքաբնակ հաւատացեալները եւ հաղորդաց Պոլսոյ համայնքի ողջոյնները։ Մեր Հոգեւոր Պետը քարոզին մէջ շեշտը դրաւ խաղաղ համակեցութեան վրայ եւ անդրադարձաւ թէ ընկերութեանց մէջ կարեւոր է խաղաղութիւնը, առանց որուն հաւատացեալ մը նոյնիսկ չի կրնար Աստուծոյ հետ յարաբերուիլ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Կուսակալ Հուլուսի Շահինի եւ Քաղաքապետ Սէլահատտին Կիւրքանի։

Ներկայ հաւատացեալներ հաղորդուեցան եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, իր հայրական հոգածութեան համար։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հոգեւոր հայրեր, ինչպէս նաեւ ժողովուրդը այցելեցին Մալաթիոյ հայոց գերեզմանատունը։ Տեղւոյն Ս. Յարութիւն մատրան մուտքին կատարուեցաւ Հրաշափառի արարողութիւն եւ պաշտօն կատարուեցաւ ի հանգիստ հոգւոցն Մալաթիացի ննջեցելոց։

Մատրան մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը գովեց քաղաքաբնակ ժողովուրդի եկեղեցասիրութիւնը, որով գերեզմանատան մէջ ունեցած են գողտրիկ աղօթատեղի մը։

Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները քաղաքապետարանի ճաշարանին մէջ հիւրասիրուեցան ցերեկուան ճաշով։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın