İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑ՝ ԴԷՊԻ ԳԱՒԱՌ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 19 Հոկտեմբեր 2022, Չորեքշաբթի իրիկուն, օդային ճամբով մեկնեցաւ Մալաթիա, հովուապետական այց տալու համար տեղւոյն եւ Սեբաստիոյ մեր համայնքներուն։ Նորին Ամենապատուութեան կ’ուղեկցի Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը պիտի այցելէ Մալաթիոյ մերազն ժողովուրդը, իսկ 21 Հոկտեմբեր, Ուրբաթ, պիտի անցնի Սեբաստիա։

Նորին Ամենապատուութիւնը քաղաքս պիտի վերադառնայ շաբաթավերջին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın