İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր Պետ Ն.Ա.Տ. Իգնատիոս Եոսէֆ Գ. Եունան Պատրիարք, քաղաքս այցելութեան օրերուն, 19 Հոկտեմբեր 2022, Չորեքշաբթի առաւօտ, եղբայրական այցելութիւն տուաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։

Հիւր Հոգեւոր Պետը, ժամը 11.00-ին իր շքախումբով հասաւ Գումգաբու, ուր Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մուտքին դիմաւորուեցաւ զանգակներու ղօղանջով։ Այստեղ երկու հոգեւոր պետեր, Աթոռոյս միաբան հայրերու եւ քահանաներու կողմէ առաջնորդուեցան Մայր Տաճար։ Հրաշափառի հանդիսութեան երգեցողութիւնը կատարուեցաւ հրաւիրեալ դպիրներու կողմէ, Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ։

Հրաշափառի կանոնական աղօթքներէ ետք, կատարուեցաւ հանդիսաւոր ճաշու ժամ։ 

Արարողութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարի գալստեան խօսք արտասանեց եւ ողջունեց քոյր եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին ու իրեն ընկերացող հոգեւորականներու  ներկայութիւնը։ Ընդգծեց թէ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ տիրող բաղխումները արդիւնքներն էին տնտեսական եւ անհադուրժողութեան պատճառներու, որոնք կը խանգարէին խաղաղութեան մթնոլորտը։ Փառք տուաւ Աստուծոյ որ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւնները  աղօթակից էին իրարու որ ցուցիչն էր իրենց միջեւ տիրող միասնականութեան մթնոլորտին։

Ի պատասխան մեր Հոգեւոր Պետին, Ն.Ա.Տ. Իգնատիոս Եոսէֆ Գ. Եունան Պատրիարք սրտի խօսք արտասանեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան եղբայրական ջերմ հիւրասիրութեան համար եւ անդրադարձաւ այն զգալի իրականութեան, որ էր քաղաքի քրիստոնեայ յարանուանութեանց միջեւ տիրող եղբայրական մթնոլորտը։

Ապա «Քրիստոս ի մէջ»ի երգեցողութեամբ երկու Հոգեւոր Պետեր ողջագուրուեցան։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ հիւր Հոգեւոր Պետին ասորերէնով արտասանած արձակման աղօթքով եւ օրհնութեամբ։

Ապա կազմուած թափորը առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան, ուր Ամեն. Տ. Իգնատիոս Եոսէֆ Գ. Պատրիարք հիւրասիրուեցաւ մեծ դահլիճին մէջ։

Հիւր Պատրիարքը նուիրեց իր Աթոռին յուշամետալը, իսկ մեր Հոգեւոր Պետը նուիրեց փայտեայ ձեռագործ ծաղկաման մը եւ եկեղեցական իրերու հաւաքածոյի յուշամատեան մը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın