Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 20 Հոկտեմբեր 2022, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին, այցելութիւն տուաւ Մալաթիոյ Կուսակալ Հուլուսի Շահինի։
Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանային Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գաւառի մերազն համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, քաղաքաբնակ համայնքէն Սէրտար Պօյաճը, Մալաթիոյ Հայրենակցական Միութեան Ատենապետ Նուրհան Կէզտիրիճիի եւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։
Մեր Հոգեւոր Պետը մեծայարգ Կուսակալին շնորհակալութիւն յայտնեց ընձեռուած դիւրութեանց համար։
Կուսակալ Շահին իր կարգին գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Հայոց Հոգեւոր Պետը եկեղեցական արարողութեանց նախագահած է, որու համար եկած էր քաղաքս։ Եւ այս առիթէն օգտուելով փափկավարական այցելութիւն տուած էր Կուսակալութեան։
Պատրիարք Հայրը ի յիշատակ այս այցելութեան մեծայարգ Կուսակալին նուիրեց ձեռագործ փայտեայ պտղաման մը, իսկ Կուսակալը փոխադարձեց պղնձեայ ձեռագործ անօթ մը նուիրելով։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun