Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 18 Հոկտեմբեր 2022, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին, ընդունեց Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի առաջնորդութեամբ եւ ատենապետ՝ Մանուկ Էօղէրի գլխաւորութեամբ Թաղային Խորհուրդի անդամները։
Այցելուները այս այցելութեամբ խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան, որ պիտի կատարուի յառաջիկայ 23 Հոկտեմբեր, Կիրակի առաւօտ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խոստացաւ սիրով ընդառաջել Ֆերիգիւղ հայահոծ թաղէն եղած հրաւէրին եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն եւ կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun