İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԷՅԻՒՊԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՒ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 18 Հոկտեմբեր 2022, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին ընդունեց Էյիւպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներն ու յառաջիկայ ընտրութեան թեկնածուներու այցը։

Այցելուներ յառաջիկայ ընտրութեան սեմին եկած էին միասնաբար այցելել Նորին Ամենապատուութիւնը, որու ներկայութեամբ ծանօթանալ եւ կարծիքի փոխանակում ունենալ ի նպաստ համայնքի անդամներ չունեցող գողտրիկ եկեղեցւոյ։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատելով ներկայ վարիչներու եկեղեցանուէր ջանքերը, յոյս յայտնեց, որ նոր շրջանը նոր կազմով բարեբեր կ’ըլլայ մեր այս գողտրիկ եկեղեցւոյ համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց փոխանցուած տեղեկութեանց համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց բոլորին եկեղեցանուէր ու համայնքանուէր ծառայութեանց մէջ։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın