İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱԶՄԻ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Համայնքային ընտրութիւններու ներկայ շրջանին Կեդրոնականի ընտանիքը արդէն որոնումներու մէջ է՝ Ղալաթիոյ խնամակալութեան նոր կազմի ձեւաւորման ճանապարհին։ Կեդրոնականի զանազան սերունդներէ սաներ շաբաթավերջին դպրոցին մէջ համախմբուելով խորհրդակցութիւն մը ունեցան յառաջիկայ շրջանի օրակարգին, խնամակալութեան նոր կազմին ու ստեղծման եւ դպրոցի կայուն ընթացքը երաշխաւորելու առաջադրութեամբ։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ այս փուլին արտայայտեցին իրենց մօտեցումները։ Խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճու եւ դպրոցի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան մանրամասնօրէն ներկայացուցին այժմու վիճակը։ Խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ յայտնի դարձաւ, որ յառաջիկայ շրջանին Ղալաթիոյ խնամակալութեան կազմը պիտի ենթարկուի լուրջ փոփոխութեան։ Մէկ կողմէ նոր կանոնադրութիւնով հաստատուած շրջանային դրութիւնով պայմանաւորուած անհրաժեշտութիւնը, իսկ միւս կողմէ կարգ մը խնամակալներու երկար տարիէ ի վեր յոգնեցուցիչ աշխատանք տարած ըլլալու հանգամանքը՝ այս փուլին արդէն Կեդրոնականի ընտանիքը մղած են հերթի փոփոխութիւն մը կազմակերպելու շուրջ։ Կեդրոնականցիներու միջեւ գոյացած փոխըմբռնման հիման վրայ՝ նոր խնամակալութիւնը պիտի ձեւաւորուի՝ այժմու կազմի սիւներէն Վարդավառ Ճաւաքին շուրջ։ Վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճու, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր մեծ նուիրումով կը կատարէր իր պաշտօնը, հասած է նոյնպէս հերթի փոխանցման փուլին։ Կեդրոնականցիները որոշած են դպրոցի պարագային չհրաժարիլ վարչական հետեւողականութեան տրամաբանութենէն։ Ուստի, Կեդրոնականի ընտանիքին մէջ համախոհութիւն գոյացած է, որպէսզի այժմու խնամակալութեան բազմամեայ ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու յառաջիկայ շրջանին ստանձնէ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչի պաշտօնը։ Այսպէսով Ղալաթիոյ խնամակալութեան մէջ թէ՛ պիտի ապահովուի նոր շունչ, թարմ աւիւն եւ թէ՛ փորձառութեան գործօնը պիտի բանի անխափան։

Դպրոցի պատմական սրահի խորհրդակցութեան մասնակիցները եզրափակիչ փուլին մաղթեցին, որ Կեդրոնականի յաջողութիւնները ըլլան յարատեւ եւ կանխաւ սկզբունքային զօրակցութիւն յայտնեցին բոլոր անոնց, որոնք յառաջիկայ շրջանին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ղեկը պիտի ստանձնեն։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/17-10-2022-ղալաթիոյ-խնամակալութեան-նոր-կազմի-ձեւաւորման-համար-խորհրդակցութիւն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın