Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար երէկ կատարուած ընտրութեան արդիւնքը իսկապէս պատմական է։ Կանխաւ պէտք է արձանագրել, որ համայնքը շահած է այս ընտրութենէն։ Այստեղ պէտք է լաւ հասկնալ, որ համակրանքներէ, կողմնակցութիւններէ կամ հակադրանքներէ աւելի դուրս ու վեր է երեւոյթը։ Քուէարկութեան արդիւնքը կը ցոլացնէ հաւաքական դատողութիւն մը, մտայնութիւն մը։ Սա սպիտակներու կամ կապոյտներու նեղ շրջանակին մէջ պէտք չէ դիտարկել։
Թրքահայութիւնը շուրջ 15 տարի վերջ փութաց քուէատուփի մօտ՝ համայնքային կառոյցներու աշխարհական վարչական խորհուրդներու ընտրութեան համար։ Այսօր աւելի քան երբեք պարզ է, որ համայնքը կը ձգտի թօթափել այժմու «սթաթիւքօ»ի ծանր բեռը։ Այո, այդ բեռը ծանր է, բայց առաջին հերթին ո՛չ այն պատճառով, որ կարգ մը անհատներ երկար տարիներ քարացած յարաբերութիւններով մնացած են իշխանութեան գլուխ։ Այդ բեռը ծանր է, որովհետեւ նոր մտայնութիւնով մը համայնքային կեանք կազմակերպելու հնարաւորութիւնը վերջին տարիներուն հետզհետէ սահմանափակուած էր։
Այսօր, Օրթագիւղի համար արտայայտուած փոփոխութեան կամքը առաջին հերթին համայնքին կողմէ այս նոր մտայնութեան հասնելու ճիգը կը համարուի։ Հաւաքական կեանքի դժուարութիւնները, ճիշդ է, որ պէտք է յաղթահարուին վարչական տնօրինութիւններով։ Այժմ այդպիսի վարչական տնօրինութիւններու համար ամուր ենթագետին մը պատրաստուած է՝ ժողովրդական կամքի դրսեւորումով։ Հաւաքական կամքի արտայայտութիւնը բազում վէրքերու բալասան կրնայ հանդիսանալ՝ քուլիսային միջավայրերու խմորումներէն շատ աւելի ազդու ձեւով։
Երէկուան ընտրութեան ի շարունակութիւն՝ դրական պատկերի մը հասնելու համար կայ երեք անհրաժեշտ նախադրեալ։ Առաջին՝ պէտք է յարգել ժողովուրդին կամքը։ Երկրորդ՝ պէտք է փակուած համարել ընտրապայքարը եւ նախկին վարչայիններու նկատմամբ երախտագիտութեան մէջ չթերանալը։ Եւ երրորդը՝ Սարգիս Չեթինքայայի եւ գործակից ընկերներուն շուրջ համախմբուիլ, դիւրացնել անոնց գործը։
Եթէ համայնքէն ներս հաւաքական հարստութիւնը նոր մտայնութիւնով մը պիտի արժեւորուի, ապա նոր մտայնութիւնով պէտք է առաջնորդուին ո՛չ միայն այդ հարստութիւնը բաշխողները, նաեւ անկէ բաժին ակնկալողները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
*
Համայնքային ընտրութիւնները տակաւին երէկ նոր սկսան։ Արդէն ընտրողներու ցուցակներու պարագային խնդրոյ առարկայ դարձած են որոշ կաղացումներ կամ թերացումներ։ Անոնք թէեւ ընտրութեան արդիւնքին վրայ ազդեցութիւն գործելու համեմատութիւններուն չեն հասած, սակայն, չ՚արդարացներ անտեսումը։ Ընտրացուցակներու աստիճանական կատարելագործումը անյետաձգելի է եւ երէկուան քուէարկութիւնը լուրջ փորձառութեան մը պէտք է վերածուի այս ուղղութեամբ՝ քանի տակաւին մինչեւ տարեվերջ մեր բազում հաստատութիւններուն համար ընտրութիւն նախատեսուած է։
http://www.jamanak.com/content/օրակարգի-նիւթերը/17-10-2022-համայնքը-շահեցաւ
İlk yorum yapan siz olun