Պոլիսէ այնքան հեռու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, երբ պահ մը կը թղթատէի Պոլսահայ կեանքի մասինորոշ իրադարձութիւններ, առաջին հերթին տեսայ համայնքային շրջանակներու ծանօթ նուիրեալսպասաւորներէն Օր. Նուարդ Յակոբեանի մահուան լուրը։ Տարիքով ծեր սակայն հոգիով միշտաշխոյժ սպասաւորի մը մահն էր սա, որ վստահաբար իրեն այնքան հարազատ մանուկներու եւյատկապէս Գնալը Կղզիի մօտ ցաւ պիտի յառաջացնէր։ Ի՞նչ կարելի էր ըսել իր մասին։ Այնքաննուիրեալ ծառայութեամբ եւ հանդէպ մանկանց անշահախնդիր սիրով լի կեանք մը ինչպէ՞ս կարելիէր ներկայացնել։ Կամ ո՞ր բառերով կարելի էր բնութագրել իր յանուր կեանքի ծառայակամնշանաբանը։ Կը մտածեմ, թէ՝ Ս. Գրային հատուած մը լաւագոյնս կրնայ համապատասխանել այսփնտռտուքին եւ կրնայ պատկերացնել Օր. Նուարդէն մեզի աւանդուած մեծագոյն յիշողութիւնը. «Եկէ՛ք, վասն զի արդէն ամէն բան պատրաստ է» (Ղկս. 14.17)։
Տէր Յիսուս Քրիստոսին, մեծ խրախճանքի առակին մէջ կ՚անցնի այս բաժինը, որով Տէրը իրսպասաւորը կ՚ուղարկէ շրջանէ շրջան, որպէսզի հրաւէր ուղղէ բոլոր ազնուական հրաւիրեալներուն։Առակին մէջ եւս կը տեսնուի, թէ՝ այս հրաւէրին ամէնէն վերջ արժանաւորները կը դառնան քաղաքիկարիքաւոր անձերը, որոնք պիտի չմերժէին Տիրոջ հրաւէրը եւ մեծ սիրով պիտի մասնակցէին մեծխրախճանքին։ Օր. Նուարդին հետ լաւագոյնս կը պատշաճի այս հատուածը, յատկապէս քաղաքիկարիքաւոր անձերու, այսինքն կազդուրման կարիքը զգացած համայնքիս զաւակներուն ուղղեալ իրհրաւէրը. «Ճաշը պատրաստ է, ճաշը պատրաստ է…»։ Կարիքաւոր ըլլալը ամօթ չէ, յատկապէս այսյարկէն ներս, եւ ընդհակառակը շատ ատեններ առաւելութիւն։ Մեր պարագային, հրաւէրը միշտկուգայ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի հիմնադրած Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանէն եւորպէս սպասարկու այդտեղ տասնեակ տարիներ ներկայ եղած է Օր. Նուարդը։
Գնալը Կղզիի մէջ ամրան շրջանին չկայ օր մը, որ Կազդուրման Կայանը բաց ըլլայ եւ Օր. Նուարդին«Ճաշը պատրաստ է» հրաւէրը չտարածուի կայանին մէջ եւ չհասնի մինչեւ եկեղեցի։ Ինչպէս որ, եկեղեցւոյ զանգակը երբ կը ղօղանջէ, արարողութեան սկիզբի մասին հրաւէրը կը տարածուիեկեղեցւոյ շրջակայքին, նոյնպէս ալ Օր. Նուարդին ձայնը, դարձած է մանուկները ճաշելու հրաւիրողկոչնակին։ Ձայն մը, որուն մէջ կը բուրէ ծառայասիրութիւն, մանկանց հանդէպ սէր, ազգասիրութիւն, հաւատք, նուիրուածութիւն եւ տակաւին պէսպէս արժանաւորութիւններ։ Երբեմն հանդիմանող եւերբեմն ալ խրատող կոչնակ մըն է սա, արձակուած՝ տնօրէնութեան սենեակէն։
Քանի՜ քանի՜ տարիներ տեսեր եմ իր կամքը, այս հրաւէրը ուղղելու տրամադրութեամբ։ Քանի քանիանգամներ տեսեր եմ, նոյնիսկ մարմնապէս տկարութիւնները յայտնուած ժամանակ, այս հրաւէրըուղղելու փափաքով ապաքինած ըլլալը։ Քանի՜ քանի՜ անգամներ տեսեր եմ, քալելու իսկ կարողչեղած ժամանակ, այս հրաւէրը ուղղելու համար ոտքի կանգնիլն ու արագաշարժ քայլերովմանուկներուն մօտենալը։ Եւ քանի՜ քանի՜ անգամներ վկայեր եմ, այդ կոչումէն զրկուած ժամանակորքան տխրած եւ լալագին ըլլալը։ Նոյնիսկ անշարժութեան մատնուած ժամանակ, առնուազնմանկանց ձայնը լսելու համար կայան փոխադրուելու տենչանքը ո՞վ կրնայ մոռնալ։ Ո՞վ կրնայմոռնալ, մանուկներէ զուրկ ձմրան ընթացքին թառամիլը եւ մանկանց լի ամրան շրջանինկոկոններու նման կեանք գտնելն ու վերազօրացումը։ Ըստ իրեն մանուկազուրկ կեանքը մահ էր, իսկանոնցմով լի կեանքը կենդանութիւն։
Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ, իւրաքանչիւր ճաշու սկիզբը իր իւրայատուկ ոճով եւ շեշտաւորումներով«ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ» աղօթքը արտասանութեան առաջնորդութիւնը։ Ամէն անգամ որ, հոգեւորական մը իրեն յանձնէր այս պաշտօնը, նախ կը տատամսէր, սակայն յաջորդիւ մեծհպարտութամբ կը կատարէր, ամէն անգամ յայտնելով, թէ՝ այս պարտականութիւնը առաջինանգամ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքէն փոխանցուած էր իրեն, որպէս սրբազանպարտականութիւն։ Փոքրիկ պաշտօն մըն էր սա կ՚երեւի, սակայն այնքան խորհրդաւոր, քանի իրաղօթքի առաջնորդութեամբ կը բացուի բոլորիս համար այնքան նուիրական կայանի ճաշասեղանը։Նախ կը հրաւիրէ, ապա կ՚առաջնորդէ եւ այս բոլորին մէջ հոգեկան անհուն մեծ ուրախութիւն մը կըվայելէ։ Նմանողութեամբ մայրապետի մը, իր հանուր կեանքը նուիրել Աստուծոյ ամենէնսիրելիներուն՝ մանուկներուն եւ իրենց ներկայութեամբ գտնել հոգեւոր ընտանիքը յատկապէսԿազդուրման Կայանի հովանիին ներքեւ։
Բայց, կը կարծեմ, թէ՝ այս նուիարուածութեան սկզբնաքայլը հետեւեալ Աստուածային խոստումն է. «Երանի՜ անոր, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ հաց պիտի ուտէ» (Ղկս.14.15)։ Այս հաւատքն է, որ զինքը մղեց դէպի եկեղեցի եւ դպրոց ծառայութեան եւ իր ժամանակը արժեւորելու տղոց հետ։Այս հաւատքն է, որ զինքը առաջնորդեց Ս. Պատարագ երգելու եւ դպրական շապիկը պատիւովներկայացնելու իր շրջակայքին։ Այս հաւատքն է, որ երբեմն խստութեամբ մանուկներուն ցոյցկուտար Ս. Պատարագին յոտնկայս կենալու, խաչակնքելու, Ս. Հաղորդութիւն ստանալուկարեւորութիւնը։ Եւ ահա, 12 Հոկտեմբեր 2022, Չորեքշաբթի օրուան լուրերը, մահը կը գուժենհանգուցեալին, միեւնոյն ժամանակ աւետելով, թէ՝ ան այլեւս կը փոխադրուի այն վայրը, ուրԱստուծոյ թագաւորութեան մէջ հաց պիտի ուտէ։ Այս անգամ Գաբրիէլ Հրեշտակապետին փողն է, որկ՚ազդարարէ Օր. Նուարդին, ըսելով. «Ճաշը պատրաստ է, ճաշը պատրաստ է…»։ Յիշատակնարդարոցն օրհնութեամբն եղիցի. Ամէն։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ
12 Նոյեմբեր 2022, Չորեքշաբթի,
Ս. Ներսէս Ճեմարան, ԱՄՆ
İlk yorum yapan siz olun