İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Հոկտեմբեր 2022, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին ընդունեց Նառլըգաբուի Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ՝ Վազգէն  Վարդանօղլու եւ անդամներէն Աւետիս Եըլմազը, առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի։

Եկեղեցւոյ վարիչները այս այցելութեամբ խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել եղած հրաւէրին եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın