Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Հոկտեմբեր 2022, Հինգշաբթի, ժամը 16.00-ին ընդունեց Գալֆայեան Տան Խնամակալութեան ներկայացուցիչներ՝ Դանիէլ Անթիքաճեանն ու Յարութիւն Շէշէթեանը։
Երկու ներկայացուցիչներ Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին յառաջիկայի ընտրութեան կապակցութեամբ։ Ըստ տրուած տեղեկութեանց խնամակալութիւնը դիմում ներկայացուցած էր Վաքըֆներու Տնօրէնութեան, հարցնելով թէ իրենց ընտրութիւնը ո՞ր շրջանին մէջ պիտի կատարուէր։ Ի պատասխան պաշտօնապէս հաղորդուած էր, թէ ընտրութիւնը պիտի կատարուէր երկրորդ շրջանի քուէարկողներով։ Նաեւ յայտնեցին, թէ խնամակալութեան ներկայ կազմէն ոչ ոք կը փնփնքէր թեկնածու ներկայանալ։ Անոնք այս պայմաններու տակ կոչ կ՚ուղղեն երկրորդ շրջանի մէջ բնակող ազգայիններուն, որպէսզի նուիրեալներ ներկայանան այս դարաւոր հաստատութեան ղեկը ստանձնելու պատրաստակամութեամբ։
Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատելով ներկայ խնամակալութեան ջանքերը, յոյս յայտնեց, որ երկրորդ շրջանը բնակիչներու բազմամարդ թիւով, կարելիութիւն պիտի ընձեռէ խնամակալութեան անդամակցութեան թեկնածուներու յայտնութեան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց փոխանցուած տեղեկութեանց համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց համայնքանուէր ծառայութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun