Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի երդիքին տակ երկար ժամանակէ ի վեր կը տարուէր շինարարական աշխատանքներ, որոնց արդիւնքը պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ մեր համայնքին, 5 Հոկտեմբեր 2022, Չորեքշաբթի օր կատարուած բացման հանդիսաւոր արարողութիւններով։ Արարողութեանց նախագահեց Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալով Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանը, Պատրիարքական Աթոռի միաբան եւ քահանայ հայրերը, Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորած Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբաձութեան անդամները։
Հրաւիրեալներու հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ կատարուած հանդիսաւոր արարողութեանց շարքը սկսաւ ժամը 15.00-ին։ Նորին Ամենապատուութիւնը Հիւանդանոցի աւագ դրան առջեւ դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հայրերու եւ հոգաբարձութեան անդամներու կողմէ։ Նախ եւ առաջ բացուեցաւ Գազազ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի Յnւշարձանը, որ ձեռակերտն է հանրածանօթ արձանագործ եւ նկարիչ՝ Էրօլ Սարաֆեանի։ Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլուն յայտնեց, թէ այս յուշարձանը կանգնուած էր ի նշան երախտագիտութեան հանդէպ Հիւանդանոցի հիմնադիր Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի։ Ապա կարգաւ այցելութիւններ տրուելով պաշտօնապէս բացուեցան ցան նորակառոյց Ակնաբnւժարանը, նորոգ յարդարեալ Պէզճեան Ամիրա Յարկաբաժնի, Հnգեբnւժարանի յաւելեալ սենեակները, Կոմիտաս ժnղnվասրահը, նnրակառnյց մարզասրահն nւ ճաշարանը։ Այս բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլու կու տար պատշաճ տեղեկութիւններ, ըստ որոնց յայտնի կը դառնար, թէ երբեմնի անգործածելի մնացած, լքուած ըլլալու երեւոյթը պարզող եւ կամ այլեւս գործածութեան համար անմատչելի դարձած բաժիններ կամ իրենց նախկին վիճակին մէջ վերանորոգուած, բարեզարդուած էին եւ կամ վերածուած՝ արդիական սարքաւորումներով օժտուած բաժիններու։
Վերջին բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Արէտ-Մօնիք Երկանեան Հանգստատան առջեւ։ Այս բաժինը վերակառուցուած էր բարերարութեամբ Արէտ եւ Մօնիք Երկանեան ամոլին, որոնք նախապէս ալ որպէս բարերարներ սատարած էին իրենց անունը կրող հանգստատան։ Այս բաժինը բացուեցաւ Տէրունական Աղօթքով եւ բարեմաղթութիւններով։ Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը, հոգեւոր հայրեր, հանգստատան բարերարները, հոգաբարձութեան անդամներն ու ներկայ հրաւիրեալները հիացումով ու գնահատութեամբ ականատես եղան նորակերտ հանգստատան մէջ տիրող արդիական պայմաններուն։ Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ կատարուեցաւ տնօրհնէք, որուն աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը իր օրհնութիւնը տուաւ բոլոր անոնց որոնք այս գեղակերտ բաժնին կառուցման նախաձեռնարկ ու բարերարներ եղած էին։
Բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Քարտուղարուհի Մարգրիտ Արսլան, որ հրաւիրեց Հոգաբարձութեան Բ. Ատենապետ՝ Հերման Պալեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հանգստատան բարերարներուն եւ բոլոր անոնց որոնք կառուցման աշխատանքներուն բերած էին իրենց ներդրումը, գլխաւորութեամբ Ճարտարապետ Նուրհան Ճանիքի։ Իր սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Տիրկին Մոնիք Երկանեան եւ յայտնեց, թէ իրենց ընտանիքին համար յիշատակելի այս հանգստատան կառուցման իրենց նիւթական ներդրումը բերած էին ամենայն պատրաստակամութեամբ, ընդառաջելով Պետրոս Շիրինօղլուի եւ հոգաբարձութեան առաջարկին։ Յանուն Հոգաբարձութեան Ատենապետ Շիրինօղլու յուշապնակ յանձնեց Երկանեան ամոլին։ Նոյպէս յուշապնակ մը պատրաստուած էր նաեւ Էրօլ Սարաֆեանի համար։
Հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ անդրադարձաւ բարերար հանդիսանալու կարեւորութեան վրայ եւ յիշեցուց թէ Հոգելոյս Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան գործած էր ձիւնի առաջին փաթիլի նմանողութեամբ, որ հիւանդանոցի ամբողջ պատմութեան ընթացքին տարուած աշխատանքներով վերածուած էր ձիւնակոյտի։ Դրուատալից արտայայտութեամբ գովեց Երկանեան ամոլի բարերարութիւնը եւ օրհնեց տարուած աշխատանքը։ Նաեւ յիշեց, որ Արետ Երկանեան եղած էր հոգաբարձութեան երբեմնի անդամներէն, իսկ Մոնիք Երկանեան գործած էր որպէս Ատենապետուհի Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ եւ իր ջանադրութեամբ թաղի Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի դռները բաց պահուած էին։ Անդրադարձաւ Պետրոս Շիրինօղլուի ծառայութեան, նախ որպէս հոգաբարձութեան անդամ, ապա՝ Ատենապետ նոյն մարմնին։ Պատրիարք Հայրը մի առ մի յիշեց Պետրոս Շիրինօղլուի առընթեր գործող հոգաբարձութեան անդամներու անունները եւ զանոնք իր մօտ հրաւիրելով յայտնեց իր գնահատանքը եւ ներկաները հրաւիրեց ծափահարութեամբ ողջունելու իրենց ծառայութիւնները։
Ներկայ հրաւիրեալներ բացման արարողութեանց աւարտին հիւրասիրուեցան հանգստատան առջեւի բարեզարդեալ պարտէզին մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun