Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 3 Հոկտեմբեր 2022, Երկուշաբթի օր ընդունած էր Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի ընտրութեան կապոյտ ցանկի թեկնածուները։ Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ ընդունեց նոյն թաղի ընտրութեան սպիտակ ցանկի թեկնածուները։ Այցելուները կը գլխաւորէր Իսքէնտէր Շահինկէօզ։ Ընդունելութեան Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ էր Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան սեմին այցելած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը, ինչ որ առիթ ընծայած էր թեկնածուները ճանչնալու։ Պատրիարք Հայրը, հայրական մերձեցումով անդրադարձաւ ընտրութեան գործընթացի մէջ կատարուած կիրառումներուն, որոնք դուռ բացած էին քննադատութեանց։ Գոհունակութիւն յայտնեց, որ պատկան պաշտօնական մարմիններու դրական մերձեցումով ընտրութեան կանոնագրութեան մէջ կատարուած էր ակնկալուած փոփոխութիւնը եւ ապահովուած՝ շրջանային դրութեան համաձայն որպէս ընտրող ներկայացողներու քուէարկելու իրաւունքը։ Մեր Հոգեւոր Պետը այս հանդիպումին ալ, որպէս Պատրիարք Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդէն ունեցած ակնկալութիւնները, ներկայացուց գրաւոր կերպով, յիշեցնելով թէ բնագիրը նոյնութեամբ ներկայացուած էր նաեւ կապոյտ ցանկի թեկնածուներուն եւ արդէն իսկ մամլոյ եւ համացանցի միջոցաւ յանձնուած՝ հանրային կարծիքի ուշադրութեան։ Անգամ մը եւս ընդգծեց, թէ Օրթագիւղը կարեւոր էր իր ունեցած առաւելութիւններով, մանաւանդ տնտեսական առումով։
Ներկաներ անդրադարձան ներկայ թաղային խորհուրդի շրջանին ձեռքբերուած յաջողութիւններուն եւ յայտնեցին, թէ որպէս սպիտակ ցանկի թեկնածուներ այս շրջանին եւս կը ներկայանային գործելու պատրաստակամութեամբ, որպէսզի սկսուած գործերը կարելի ըլլար շարունակել եւ յաջող ելքի հասցնել։ Յայտնեցին նաեւ, թէ ընտրուելու պարագային պատրաստ էին նկատի ունենալ Նորին Ամենապատուութեան առաջարկները եւ խոստացան որ իրենց կարելին ի գործ պիտի դնեն այդ թելադրութիւնները կարելիութեան սահմաններուն մէջ կեանքի կոչելու համար։
Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, կարեւորութեամբ յիշեցուց, որ ինք՝ որպէս պատրիարք անկողմնակալ կը մնար։ Յաջողութիւն մաղթեց իրենց ընտրական շրջանի գործունէութեանց մէջ, մաղթելով, որ համայնքային ընտրութիւնները կատարուին խաղաղութեամբ, վստահելով ժողովուրդի ձայնին։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun