İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ  ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 4 Հոկտեմբեր 2022, Երեքշաբթի, ժամը 16.30-ին ընդունեց Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Հրանդ Մոսկոֆեանի։

Եկեղեցւոյ վարիչները յայտնեցին, որ այս այցելութեամբ եկած էին խնդրել Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը Եկեղեցւոյ տարեկան մատաղօրհնութեան եւ ի նպաստ Պէզճեան Մայր Վարժարանի սարքելի Սիրոյ Սեղանին։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել եղած հրաւէրին, նաեւ ստացաւ եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի հետ առընչուած տեղեկութիւններ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց արձանագրուած յաջողութեանց եւ ձեռքբերումներուն համար։ Ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın