İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓՐՕ-ՕՐԻԷՆԹԷ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԽՈՒՄԲԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 3 Հոկտեմբեր 2022, Երկուշաբթի… ժամը 11.30-ին ընդունեց Աւստրայէն Փրօ-Օրիէնթէ Հիմնարկի խումբը՝ 25 հոգի։ Խումբը կը գլխաւորէր Սուրբ Երկրի մօտ Աւստրիոյ նախկին Աւագ Դեսպան, այժմ ի հանգստեան՝ Տքթ. Ալֆոնս Մ. Քլոսս։ Խումբին մաս կը կազմէին Աւստրիոյ Կաթոլիկ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի Նախագահ՝ Սալզպուրկի Տքթ. Ֆրանզ Լաքնէր Արքեպիսկոպոսը եւ Աւստրիոյ Օրթոտոքս Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի Նախագահ՝ Վիեննայի Արսէնիոս Մետրոպոլիտը, նաեւ Սալզպուրկի նախորդ Արքեպիսկոպոսը, այժմ ի հանգստեան՝ Տքթ. Ալօյս Քոթկասսէր։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան

Նորին Ամենապատուութեան առաջարկով ժողովը սկսաւ «Տէրունական Աղօթք»ով։ Փրօ – Օրիէնթէ Հիմնարկի նախագահը խօսք առնելով յանուն խումբի անդամներուն ողջունեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց որ Հայոց Պատրիարքարանի երդիքին տակ իրականացած էր այս հանդիպումը։ Ապա տեղեկութիւններ տուաւ հիմնարկի գործունէութեանց մասին, մասնաւորապէս ընդգծեց թէ իրենք կը գործէին Կաթոլիկ, Օրթոտոքս եւ Արեւելեան Օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններ հաստատելու, նաեւ երկխօսութեան առիթներ ստեղծելու առաջադրութեամբ։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան հաստատութեան եւ առաջին իսկ մէկ օրէն ունեցած գործունէութեան մասին, որով կը հովանաւորէր համայնքի հոգեւոր, կրթական ու բարեսիրական կազմակերպութիւնները։ Նաեւ բացատրութիւններ տուաւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան եւ նուիրապետական աթոռներու մասին։ Պատասխանեց համայնքի հոգեւոր կեանքին հետ առընչուած հարցումներուն։

Ընդունելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հիմնարկի վարիչներուն, որոնք այլ յարանուանութեանց կարգին հետաքրքրուած եւ այցելած էին Պատրիարքարան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın