İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇԱԲԱԹ ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԲԱՐՁՐ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը թէեւ յատուկ ներկայացուցիչներու շփումներու իմաստով որոշ չափով թափը կորսնցուցած ըլլալ կը թուի, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, այս ամբողջին մէջ գագաթնային շփում մը կը նախատեսուի։ Միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպման հաւանականութիւնը։ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ Հայաստանի  յատուկ ներկայացուցիչը՝ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուաւ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին դարձեալ խօսեցաւ քանի մը օր վերջ Փրակի մէջ երկու ղեկավարներուն միջեւ ծրագրուած տեսակցութեան շուրջ։ Այսպէսով, Էրտողանի եւ Փաշինեանի միջեւ յառաջիկայ շաբաթ Փրակի մէջ նախատեսուած հանդիպման բարձր հաւանականութիւնը կը շարունակէ մնալ օրակարգի վրայ։

Ռուբէն Ռուբինեան երէկուան հարցազրոյցին մէջ նոյնիսկ խօսեցաւ այս հաւանական տեսակցութեան օրակարգին շուրջ։ Այսպէս, Էրտողան եւ Փաշինեան Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման գործընթացի օրակարգին պիտի անդրադառնան։ Յատուկ ներկայացուցիչը նշեց, որ այս առումով հայկական կողմի դիրքորոշումները չեն փոխուած։

Հարցազրոյցի ընթացքին Ռուբինեանին հարց տրուեցաւ, թէ փակուղիի՞ մատնուած է Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչին՝ Սերտար Քըլըչի հետ հանդիպումներու գործնականութիւնը, քանի ամիսներէ ի վեր հանդիպում տեղի չէ ունեցած։ «Մենք հանդիպած ենք յուլիսին, երբ ձեռք բերուեցան այն յայտնի պայմանաւորուածութիւնները՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար սահմաններու բացում եւ օդային ուղիղ բեռնափոխադրումներու հնարաւորութիւններու ստեղծում։ Իրականութեան մէջ սեպտեմբերի 14-ին սահմանի վրայ հանդիպում մը պէտք է տեղի ունենար երկու երկիրներու համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներուն միջեւ, որպէսզի քննարկուէր այդ երկու քաղաքական պայմանաւորուածութիւններու գործադրութիւնը։ Բայց սեպտեմբերի 14-ին, ես յիշեցնեմ՝ սա Ատրպէյճանի յարձակման օրերուն էր, թրքական կողմի փափաքով այդ հանդիպումը յետաձգուեցաւ», ըսաւ Ռուբինեան եւ աւելցուց, որ նոր ժամկէտ չէ ճշդուած։ Յամենայնդէպս, իր խօսքով, սա պէտք է իրագործուի, որովհետեւ ի վերջոյ կայ քաղաքական համաձայնութիւն եւ քաղաքական պատասխանատուութիւն՝ այդ պայմանաւորուածութիւնը իրագործելու։

Հարցազրոյցի ընթացքին Ռուբինեան պատասխանեց նաեւ հարցումի մը, թէ Անգարա անթաքոյց կը փորձէ ցոյց տալ, որ պատրաստ է միջնորդի դեր ստանձնել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ, գործադրել այդ ջանքերը։ Հայաստան այդպիսի ձեւաչափ մը ընդունելի կը համարէ՞։ Հապա եթէ նախագահ Էրտողան նման բան մը առաջարկէ՞։ Այս բոլորին կապակցութեամբ Ռուբինեան յայտնած է հետեւեալը. «Ընդհանրապէս միջնորդ կրնան ըլլալ այն կողմերը, որոնք չէզոք են։ Ես կը կարծեմ ոչ ոք այժմ կրնայ Թուրքիան չէզոք անուանել Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու եւ Ատրպէյճանի՝ Հայաստանի տարածք ներխուժման համատեսքին մէջ»։ 

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F30-09-2022-նախագահ-էրտողան-եւ-վարչապետ-փաշինեանի-միջեւ-յառաջիկայ-շաբաթ-փրակի-մէջ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın