İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԹՈՒՐՔ ԻՈՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 26 Սեպտեմբեր 2022. Երկուշաբթի յետ միջօրէի, ժամը 15.30-ին ընդունեց Եւրոմիութեան Թուրքիոյ Պատուիրակութեան Նախագահ Աւագ Դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրութը եւ իր կողակիցը։

Մեծայարգ Աւագ Դեսպանին կ՚ընկերանային նաեւ իր խորհրդականը՝ Սթեֆանօ Ֆանթարոնի, Պատուիրակութեան Մարդկային Իրաւանց Քաղաքական Գործոց բաժնէն Խորհրդական՝ Սեմա Քըլըչէր։

Աւագ Դեսպանը եւ իր խորհրդականները հանդիպումներ կ՚ունենային զանազան կրօնական հաստատութեանց հետ։ Այս այցելութեանց շարքէն էր Պատրիաքական Աթոռին տրուած այցելութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ եկած էին Պատրիարքարան, յարգելով Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնը։ Տեսակցութեան ընթացքին մեր Հոգեւոր Պետը տեղեկութիւններ փոխանցեց Թուրքիոյ Հայ Համայնքի մասին։

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան համար եւ հրաժեշտ առին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın