Ս. Գէորգ Զօրավարի, Ադոկտոսի եւ Ռոմանոսի երգեցողի տօնը, որ անուան տօնախմբութեան օրն է Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ, նշուեցաւ երկու օրերու ընթացքին։
Ս. Գէորգի տօնի օրը, 24 Սեպտեմբեր 2022, Շաբաթ, հանդիսապետութեամբ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեանի, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։ Օրուան ժամարարն էր Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։ Ներկայ էին Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեան, Արժ. Տ. Զոհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղան եւ անդրադառնալով սուրբերու, յատկապէս Ս. Գէորգ Զօրավարի վարքին, ընդգծեց իրենց կեանքի ընթացքին անվախութիւնը ի սէր Աստուծոյ։
Իսկ յաջորդ առաւօտ, 11 Սեպտեմբեր 2022, Կիրակի, Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին, արարողութեանց նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։
Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Զոհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ։ Հիւրաբար ներկայ էր Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Չէնիեանի ներկայացուցիչ Գերյ. Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան, ներկայ էին նաեւ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան, Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Սեւան Ակոշեանի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Հայրը քարոզեց ու պատմեց Վարագայ Ս. Խաչի հրաշալի դէպքը եւ անոր իմաստը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց անոր կարեւորութիւնը թէ պատմական, թէ ազգային եւ թէ հաւատքի տեսակէտէ։ Ընդգծեց Վարագայ Ս. Խաչի տօնին իւրաքանչիւր Հայ քրիստոնեայի տուած պատգամը, որ է զօրանալ հաւատքի մէջ եւ ապրիլ այդ լոյս հաւատքը։ Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց նաեւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։
Քարոզի աւարտին կատարուեցաւ եկեղեցւոյ սատարողներու համար հոգեհանգստեան կարգ եւ մատաղօրհնէք։
Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/440000994894428 )։
***
Կրօնական արարողութեանց աւարտին պարտէզին մէջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun