Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլի հետ վերջերս շահեկան հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ Երեւանի «Հրապարակ» օրաթերթին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սիպիլ վերջերս այցելած էր Հայաստան եւ հերթական անգամ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Ամէն անգամ, որ Սիպիլ Երեւան կ՚այցելէ, լրատուամիջոցները ջերմ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն անոր նկատմամբ։ Այս անգամ ալ եղած է այդպէս։ «Մեր ինքնութեան մասին երգերը ինձ համար պատգամ դարձաւ», յայտարարեց Սիպիլ «Հրապարակ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ։
Զրոյցի տեւողութեան Սիպիլ նշած է, որ իր նպատակն է խօսիլ երգերու միջոցաւ ու պատմել հայոց պատմութիւնը։ Հայաստանի մէջ նկարահանուած իր տեսահոլովակներն ալ կ՚ապահովեն, որ երկրի գեղեցկութիւնները ցոլանան։
Նոյն հարցազրոյցի ընթացքին Սիպիլ յուզումով անդրադարձած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի բախումներուն եւ ցաւ յայտնած է խաղաղութեան յոյսերու չարդարացման կապակցութեամբ։
İlk yorum yapan siz olun