Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Սուրբ Գէորգի յիշատակութեան եւ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնակատարութիւններուն առթիւ երէկ նախագահեց Սամաթիոյ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ այս արարողութիւններով սկսան նաեւ 2022-2023 շրջանի մատաղօրհնութիւնները։ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին համար կազմակերպուած սիրոյ սեղանը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։ Նուիրահաւաքման արդիւնքով հանգանակուեցաւ շուրջ 4 միլիոն թրքական լիրա, ինչ որ արդէն բաւարար էր թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացը հաւասարակշռելու համար։
Արձանագրուած այս արդիւնքին մէջ կարեւոր գործօն մըն է, որ ընտրութիւններու թուականը բաւական մօտեցած է։ Արդարեւ, նախընտրական մթնոլորտին մէջ ունեւոր վաքըֆներու ղեկավարութիւնները հսկայական նուիրատուութիւններ ըրած են, ինչ որ ապահոված է պիւտճէի բացի հաւասարա-կըշռումը։ Թէ ինչքանո՞վ երկարաժամկէտ երաշխիք մըն է այս մէկը, անշուշտ, կարելի չէ վստահ ըլլալ, սակայն, գոնէ այս տարի Սամաթիոյ ընտանիքը հանգիստ շունչ մը քաշած է։ Ըստ երեւոյթին, Ֆէրիգիւղն ու Գումգաբուն ալ պիտի հետեւին Սամաթիային։ Նկատի ունենալով, որ նախընտրական մթնոլորտի մէջ մրցակցութիւններ եւ լարուածութիւններ ալ խնդրոյ առարկայ դարձած են՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ Սամաթիոյ մէջ անդրադարձաւ համայնքէն ներս ստեղծուած իրավիճակին։
Երէկուան կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուած սիրոյ սեղանին ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յուշանուէր մը ստացաւ Սամաթիոյ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրի ձեռամբ։ Օրուան հուսկ բանքին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ մեր ունեւոր հաստատութիւններուն կողմէ տնօրինուած հարստութիւններուն եւ մօտալուտ ընտրութիւններուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ մեր հաստատութիւններու հարստութիւնը ո՛չ թէ դրամատան, այլ եկեղեցական մտայնութիւնով պէտք է արժեւորուի։ Վարչայինները պէտք չէ որոշումներու յանգին առանց այլոց մտածումները լսելու։
Աւելի վերջ ան անդրադարձաւ իրեն հասցէագրուած քննադատութիւններուն, ըստ որոնց կը ջանայ ներազդել նոր վարչական խորհուրդներու կազմերու ձեւաւորման վրայ։ Ան յայտնեց, որ որպէս Պատրիարք՝ իրաւունք ունի այդ բանը ընելու, որովհետեւ իրեն կը վիճակի մեր հաստատութիւնները վերահսկելու պատասխանատուութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խօսքով, ամէն մարդ պէտք է իր տան առջեւը աւլէ, ինչ որ լաւագոյն ձեւն է։
İlk yorum yapan siz olun